Պետական ու անձնական մակարդակի պարտութիւն մը

ErdoganՎահրամ Էմմիեան

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ 24 մայիս 2016-ին իր պաշտօնը ստանձնելէն քանի մը օր ետք յայտարարեց, որ Թուրքիան «կարիքը ունի աւելցնելու իր բարեկամները եւ նուազեցնելու թշնամիները»` աւելցնելով. «Իսրայէլ, Սուրիա, Ռուսիա, ԵգիպտոսՍեւ ծովն ու Միջերկրականը շրջապատող այս երկիրներուն հետ չի կրնար որեւէ մնայուն թշնամութիւն ըլլալ»: Մէկ ամիս ետք, Թուրքիան արդէն այդ ուղղութեամբ առաւ գործնական 2 քայլեր, առաջինը` Իսրայէլի, իսկ երկրորդը` Ռուսիոյ ուղղութեամբ: Անգարա մայիս 2010-էն` «Մաւի Մարմարա»-ի դէպքէն ի վեր Իսրայէլի հետ սառեցուած յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համաձայնագիր մը ստորագրեց Թել Աւիւի հետ, ապա նոյեմբեր 2015-էն` Սուրիոյ վերեւ ռուսական «Սու-24» ռմբաձիգի վար առնուելուն դէպքէն ի վեր լարուած ռուսթրքական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար նախագահի մակարդակով նամակ մը յղեց Փութինին: Այդ նամակը մէկ շաբթուան մէջ Էրտողանի 2-րդ նամակն էր Փութինին, սակայն այս անգամ «ներումի հայց» մը կը բովանդակէր:

Յստակ է, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը դարձած է նուազ գաղափարապաշտական եւ առաւել գործնապաշտական: Այդ քաղաքականութեան մէջ գաղափարապաշտական մօտեցումները կը յամենան, վկայ` Եգիպտոսի նկատմամբ Անգարայի կեցուածքը, սակայն Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ նկատմամբ կատարուած քայլերը Թուրքիոյ` իր շուրջ ստեղծած մեկուսացման օղակը փշրելու նախաձեռնութիւններ են: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ այս շրջադարձը  բնականաբար կարիքը ունէր զոհի մը: Այդ զոհը դարձաւ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն, որուն ուսերուն այժմ (անարդարօրէն) կը բեռցուի Թուրքիոյ միջազգային ու շրջանային մեկուսացման մեղքը:

Թուրքիոյ արտաքին նոր քաղաքականութեան առաջնահերթութեանց մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը ամէնէն դիւրինն էր, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին գործակցութեան աւանդութիւն մը եւ հասարակաց շահեր, օրինակ` Սուրիոյ վարչակարգին, Իրանի եւ Հըզպալլայի վերաբերող հարցերուն մէջ: Աւելի՛ն, Իսրայէլի հետ հակադրութիւնը կորսնցուցած է արաբական աշխարհին մէջ իր շահաւէտութիւնն ու հմայքը` Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան պատճառով:

Յստակ է, որ համաձայնութեան ստորագրումով Թուրքիան ու անոր նախագահը Իսրայէլի հետ իրենց գօտեմարտին մէջ կրեցին պարտութիւն մը: «Իսրայէլը միջազգային գետնի վրայ կատարելապէս պիտի մեկուսացնենք»-ի, «անոնք շատ լաւ գիտեն ինչպէս սպաննել»-ի, «Իսրայէլ Կազայի մէջ ցեղային մաքրագործում կը կատարէ»-ի եւ «Իսրայէլ Կազայի մէջ իր ոճիրներուն համար հաշուետուութեան պիտի կանչուի»-ի նման յայտարարութիւններ կատարելէ ետք, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ստիպուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները վերականգնել` առանց Կազայի շրջափակման ջնջման ապահովման: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 2013-ին արդէն ներում հայցած էր «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ թուրք գործիչներուն սպանութեան համար եւ ընդունած հատուցում կատարել, սակայն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար Թուրքիոյ 3-րդ նախապայմանը` Կազայի շրջափակման ջնջումը, կատարելապէս անընդունելի էր Իսրայէլի համար: 3 տարի ետք, Անգարա ի վերջոյ ընդունեց Կազային մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու համար օգտագործել իսրայէլեան Աշտոտ նաւահանգիստը, առաջարկ մը, որ Թել Աւիւ արդէն «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպէն առաջ ներկայացուցած էր Անգարային:

Էրտողան չկրցաւ զիջում պարտադրել եւ մեկուսացնել Իսրայէլը, որ շարունակեց իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ «փոքր եղբօր»` Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու հետ: Իր երկիրն էր, որ մեկուսացաւ, եւ «Սուլթան»-ը ստիպուեցաւ ներումի հայցի եւ 20 միլիոն տոլար հատուցման դիմաց վերականգնել յարաբերութիւնները անոր հետ: Իրողութիւն մը, որուն ի տես Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու կատարեց հետեւեալ դիպուկ յայտարարութիւնը. «Սկիզբը առիւծի պէս մռնչաց, իսկ հիմա ալ կատուի պէս կը մլաւէ»:

http://www.yerakouyn.com/?p=112535

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ