Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կարօ Փայլանի պաշտպանութեան համար շարժում կը սկսի‏

Կարօ ՓայլանԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբը տարածած է յայտարարութիւն մը, ուր կոչ կուղղէ ամերիկահայերուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն այցելելու anca.org/paylan կայքը ու պահանջելու, որ Պետքարտուղարութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջատար կազմակերպութիւնները դատապարտեն Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի նկատմամբ յարձակումներն ու հետապնդումները:

«Բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք մտահոգուած են իր հայկական ծագման ու տեսակէտները ազատ արտայայտելու պատճառով յարձակումներու ենթարկուած Կարօ Փայլանի՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորին անվտանգութեան համար, կրնան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ստեղծած յատուկ կայքին միջոցով դիմել Պետքարտուղարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջատար կազմակերպութիւններուն եւ կոչ ուղղել անոնց` հանդէս գալու ի նպաստ Կարօ Փայլանի պաշտպանութեան», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ խորհրդարանէն ու Սահմանադրական յանձնաժողովէն ներս Կարօ Փայլանի վրայ կատարուած յարձակումներու տեսագրութիւնները հրապարակուած ու ցուցադրուած են բազմաթիւ լրատուամիջոցներով:

Նախորդ շաբաթ, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ  ուղղած էր Թուրքիոյ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պասին ԱՄՆ-ի մտահոգութիւնը յայտնելու Կարօ Փայլանի անվտանգութեան վերաբերեալ: Մայիսի 3-ին ուղարկուած նամակով Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան Փայլանը համեմատած է հայ լրագրող Հրանդ Տինքի հետ, որուն 2007-ին օր ցերեկով սպաննած էին Թուրքիոյ մէջ: «Նախքան Տինքի սառնասիրտ սպանութիւնը եւս  Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղած էր ԱՄՆ–ին հրապարակաւ մտահոգութիւն յայտնելու անոր անվտանգութեան գծով: Ցաւօք,  նման ոչ մէկ յայտարարութիւն եղաւ: Դատապարտման հրապարակային բառերը հնչեցին միայն անոր մահէն ետք»,- նշած է  Համբարեան:

http://www.yerakouyn.com/?p=112402

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ