Միշիկընի նահանգապետը ստորագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեման դասաւանդելու օրէնքը

Միշիկընի ՆահանգապետըՄիշիկընի նահանգապետ Ռիք Շնայտըր ստորագրած է HB4493 օրէնքը, որմով Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Հոլոքոսթը (ինչպէս նաեւ այլ ցեղասպանութիւններ) պիտի դասաւանդուին նահանգի դպրոցներուն մէջ:

Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ նոր օրէնքը կը նախատեսէ ընդհանուր հաշուով 6 ժամ յատկացնել 8-12-րդ դասարաններու ցեղասպանութեան մասին կրթութեան:

Օրէնքին պաշտօնական ստորագրումը տեղի ունեցած է Հոլոքոսթի յիշատակման կեդրոնին մէջ: Արարողութեան ներկայ եղած են Հայ Դատի Միշիկընի յանձնախումբի, հայ համայնքի անդամներ: «Ասիկա շատ կարեւոր օր է մեր նախնիներուն համար: Աւելի քան 100 տարի անց Միշիկընի դպրոցականները պիտի սորվին Ցեղասպանութեան բոլոր տեսակներուն մասին, մասնաւորապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոսթի: Կ՝ըսեն, թէ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ, եթէ մենք դասեր չքաղենք անկէ: Բարեբախտաբար, դպրոցականները ապագային պիտի սորվին եւ պիտի հասկնան ամէն բան` այլեւս երբեք չտեսնելու մարդկութեան դէմ գործուած նման սարսափելի յանցանքներ»,- նշած է Միշիկընի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Լարա Ներսէսեան:

Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Քլինթ Քէսթոն, որ իր մեծ ներդրումը ունեցած է օրէնքին մշակման եւ ընդունման հարցով, շատ կարեւոր համարած է դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումը: «Այժմ, երբ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ՝ունենայ, մենք պէտք է գործի դնենք ամէն ջանք` վստահ ըլլալու, որ մեր երիտասարդութիւնը տեղեակ է ցեղասպանութեան պատմութեան, կը հասկնայ զինք շրջապատող աշխարհը եւ ունի համապատասխան որակներ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար»,- ըսած է Քէսթօ:

http://www.yerakouyn.com/?p=112345

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ