Պատարագ Կեսարիոյ ամենահին հայկական եկեղեցւոյ մէջ

ՊատարագԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Կեսարիոյ (ներկայիս՝ Կայսերի) հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս պատարագ մատուցուած է. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը։

Պատարագին մասնակցած են Պոլիսէն, Եոզկաթէն եւ Սեբաստիայէն (Սվազ) ժամանած՝ ծագումով մօտաւորապէս 50 հայեր, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են:

Պատարագին մասնակցած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն Զաքէոս քահանայ Օհանեանը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնած է պատարագի մասնակիցներուն եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն՝ անոնց ընձեռած հնարաւորութեան համար:

Տեղեկացնենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած է 1191ին եւ Թուրքիոյ մէջ ցարդ կանգուն մնացած հազուագիւտ եկեղեցիներէն է, իսկ Կեսարիոյ՝ ամենահին հայկական եկեղեցին: Անիկա 1885ին վերակառուցուած է, իսկ վերջին անգամ վերանորոգուած 1996ին:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ