Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Տ. Լեւոն Եպս. Զէքիեան Երեւան կը գտնուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն:
«Արեւելք»-ի աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, թէ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Զէքիեան, երէկ ուշ գիշերին Պոլսէն ուղղակի թռիչքով մը ժամանած է «Զուարթնոց» օդակայան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Գերապայծառը պիտի մասնակցի Հռոմի Պապին Հայաստան տալիք այցի արարողութիւններուն:
Նշենք, որ Լեւոն Սրբազան մօտիկ կրօնաւոր կը համարուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին, եւ անոնց մտերմութիւնը երկար տարիներու արդիւնք է: Գերապայառ Լեւոն Սրբազան Պոլսոյ առաջնորդի իր բարձր պաշտօնին կոչուեցաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին յատուկ կարգադրութեամբ:
2015 ապրիլին Հռոմի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կատարուած արարողութեան ատեն Սրբազան Հայրը Հռոմի Պապին Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Վարդապետի կոչման դիմումը պատրաստող եւ ներկայացնող հայ Կաթողիկէ գլխաւոր սրբազանն էր:
Arevelk.am
Leave a Reply