Հինգշաբթի, յուլիս 7-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, իրաւաբան եւ հեղինակ Վարդգէս Եղիայեան, իր համադրած «Հայերը Եւ «Օխրանա»ն. 1907-1915» հատորը պիտի ներկայացնէ «Ապրիլ» գրատան մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ–ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Հեղինակին եւ հատորին մասին պիտի խօսի դոկտ. Կարապետ Մոմճեան։
Մուտքը ազատ է եւ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Նշեալ հատորին մէջ համախմբուած են ռուսական արխիւներէ թարգմանուած աւելի քան 50 փաստաթուղթեր, որոնք կ՛առնչուին հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններու:
Սոյն փաստաթուղթերը գտնուած են ցարական Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ «Օխրանա»ի արխիւներուն մէջ եւ նոր լոյս կը բանան ոչ միայն ցարական գաղտնի սպասարկութեան, այլեւ անոր կողմէ հալածուողներու գործունէութեանց վրայ:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է 415 E. Broadway, Glendale, CA։ Յաւելեալ տեղեկութեան համար, դիմել (818) 243-4112 begin_of_the_skype_highlighting (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։
http://www.yerakouyn.com/?p=111978
Leave a Reply