Հայաստանի մէջ պապը պիտի փորձէ նպաստել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ հաշտեցման

CREATOR: gd-jpeg v1.0 (using IJG JPEG v62), quality = 90
CREATOR: gd-jpeg v1.0 (using IJG JPEG v62), quality = 90

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան պատճառով Հռոմի Ֆրանսիս պապը հրաժարած է մէկ այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրները այցելելէ։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, գրած է «Ռոմ Ռիփորթզ»ը: Արդարեւ, պապը 24-26 յունիսին պիտի այցելէ Հայաստան, իսկ հոկտեմբերի սկիզբը՝ Ատրպէյճան եւ Վրաստան։

Պարբերաթերթը կը գրէ, թէ իր այցելութեան ընթացքին պապը պիտի փորձէ առերեսուիլ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան, որ ծագած է նախորդ տարի Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ մեղմացնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը:  «Խոր Վիրապ եկեղեցիէն պապը պիտի կարենայ տեսնել հայ–թրքական փակ սահմանը ու հիանալ Արարատ լեռով», գրած է թերթը:

Հռոմի մէջ պապի հայկական քոլեճի ղեկավար հայր Գրիգոր Բադիչահ, իր կարգին, ըսած է, թէ պապին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցին մօտ է բոլորին եւ կը հաստատէ, որ «մեր եկեղեցիներուն միջեւ ո՛չ միայն բարեկամութիւն կայ, այլ նաեւ՝ հաւատքի եւ յարգանքի վրայ հիմնուած խորունկ յարաբերութիւններ»։

http://www.yerakouyn.com/?p=111867

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ