
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան պատճառով Հռոմի Ֆրանսիս պապը հրաժարած է մէկ այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրները այցելելէ։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, գրած է «Ռոմ Ռիփորթզ»ը: Արդարեւ, պապը 24-26 յունիսին պիտի այցելէ Հայաստան, իսկ հոկտեմբերի սկիզբը՝ Ատրպէյճան եւ Վրաստան։
Պարբերաթերթը կը գրէ, թէ իր այցելութեան ընթացքին պապը պիտի փորձէ առերեսուիլ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան, որ ծագած է նախորդ տարի Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ մեղմացնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը: «Խոր Վիրապ եկեղեցիէն պապը պիտի կարենայ տեսնել հայթրքական փակ սահմանը ու հիանալ Արարատ լեռով», գրած է թերթը:
Հռոմի մէջ պապի հայկական քոլեճի ղեկավար հայր Գրիգոր Բադիչահ, իր կարգին, ըսած է, թէ պապին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցին մօտ է բոլորին եւ կը հաստատէ, որ «մեր եկեղեցիներուն միջեւ ո՛չ միայն բարեկամութիւն կայ, այլ նաեւ՝ հաւատքի եւ յարգանքի վրայ հիմնուած խորունկ յարաբերութիւններ»։
Leave a Reply