Ինչպէս ծանօթ է, ապրիլ 27, 2015ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուց Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:
Շուրջ 100 էջերու վրայ տարածուած դատական հայցը՝ պատմական, կրօնական, քաղաքական եւ օրինական տուեալներու հիման վրայ, յարակից փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով, կը պարզէր Սիսի կաթողիկոսարանի պատկանելիութիւնը, անոր դերը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, Սահակ Բ. կաթողիկոսի ու միաբանութեան պարտադիր հեռացումը Սիսի կաթողիկոսարանէն եւ անոր բռնագրաւումը պետութեան կողմէ:
Անցած տարուան ընթացքին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հարցազրոյցներուն եւ մտաւորականներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ճամբով, սոյն դատին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տրուած էին մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Նկատի ունենալով դատին կարեւորութիւնը՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը այս գծով ուզած է իմանալ երկրի արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտը: Նախարարութիւնը Մայիս 11, 2016 թուակիր նամակով մը, Սահմանադրական դատարանի իրաւասութեանց առնչուած շարք մը տուեալներէ ու պատճառաբանութիւններէ մեկնելով՝ թելադրած էր մերժել իրեն ներկայացուած դատական հայցի քննարկումը: Ապա, Սահմանադրական դատարանը 15 օրերու պայմանաժամ տուած էր կաթողիկոսութեան՝ պատասխանելու նախարարութեան մերժողագիրին:
Արդարեւ, 15 օրերու ընթացքին, մեր իրաւական յանձնախումբի անդամները, հետեւողական ու մնայուն խորհրդակցութիւններէ ու քննարկումներէ ետք, պատրաստեցին իրենց պատասխանը եւ Մայիս 26, 2016ին զայն փոխանցեցին Սահմանադրական դատարան:
Կաթողիկոսարանի պատասխանին մէջ պատմական ու իրաւական յստակ հիմնաւորումներով մերժուեցան նախարարութեան ներկայացուցած անհիմն ու հակասական պատճառները եւ վերահաստատուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերադարձնելու պահանջը:
Այժմ կ՛ակնկալուի, որ արդարադատութեան նախարարութեան մերժողագիրին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ անոր տրուած պատասխանին հիման վրայ՝ Սահմանադրական դատարանը իր վճիռը արձակէ:
Յայտնենք, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յիշեալ դատը կը հետապնդէ իրաւական յանձնախումբ մը՝ բաղկացած թրքական դատական օրէնքի եւ ընդհանրապէս միջազգային ու յատկապէս Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի դատական ու դատավարական օրէնքներու մասնագէտ անձերէ:
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
Asbarez.com
Leave a Reply