Կամայական վճիռ Պոլսոյ մէջ. աշխատանքէն հեռացուած է Սեւան Տէյիրմէնճեանը

Սեւան ՏէյիրմէնճեանԿամայական վճիռի մը արդիւնքով   աշխատանքէն հեռացուած է պոլսահայ մտաւորական   Սեւան Տէյիրմէնճեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ հաւաստեց, որ պոլսահայ   մտաւորականը կամայական   որոշումով մը դուրս դրուած է Մխիթարեան վարժարանէն, ուր հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչի պաշտօն կը կատարէր:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախքան գործէն վտարումը վաժարանը տնօրինող մարմինները ստիպած են մտաւորականը, որպէսզի հրաժարական ներկայացնէ: Տէյիրմէնճեան մերժած է տեղի տալ, ու ապա    մարմինները վճռած են հեռացնել զինք այդ պաշտօնէն:

Մինչեւ այս   լուրին գրուիլը պաշտօնական բացատրութիւն չի տրուիր Տէյիրմէնճեանի գործէն զրկուելուն մասին: Մտաւորականը    այս մասին այսօր յօդուած մը ստորագրած է «Ակօս»ի հայերէն բաժնին մէջ:

Տեղին է նշել, որ    պոլսահայ աշակերտութիւնը    այս վճիռին վերաբերեալ բողոքի յայտարարութիւն մը ստորագրած է: Երեւանի Պետական Համալսարանէն վկայուած Տէյիրմէնճեան   «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր է, եւ անոր  ճիգերով     տասնեակ հատորներ խմբագրուած ու լոյս տեսած են Պոլսոյ մէջ:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ