Միշիկընի նահանգապետը ստորագրեց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը պահանջող բանաձեւը

Միշիկընի ՆահանգապետըԼԵՆՍԻՆԿ.- Երեքշաբթի, յունիս 14ին, Միշիկընի նահանգապետ Ռիք Շնայտըր ստորագրեց նահանգին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը պահանջող թիւ 4493 բանաձեւը, որ գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուած էր նահանգային խորհրդարանին կողմէ։ Նման բանաձեւ մը անցեալ ամիս վաւերացուած էր նաեւ նահանգային Ծերակոյտին կողմէ։

Օրէնքի վերածուած բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ 2016-2017 կրթական տարեշրջանէն սկսեալ, կրթական շրջաններու եւ հանրային վարժարաններու պատասխանատուները պէտք է երաշխաւորեն, որ 8-12րդ դասարաններու ընկերային ուսմանց դասերուն մէջ ներառնուի Հրէական Ողջակիզման, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ ցեղասպանութեանց դասաւանդումը՝ առնուազն 6 ժամ ընդհանուր տեւողութեամբ։

Նշենք, որ նահանգի հայկական եկեղեցիները եւ կազմակերպութիւնները միացեալ ջանքերով կազմած էին Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման յանձնախումբ մը, այս բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու նպատակով։ Այս նախաձեռնութեան մեծապէս նպաստած էր Միշիկընի նահանգային խորհրդարանի անդամ Քլինթ Քեսթօ, որ բանաձեւի վաւերացումէն ետք դարձեալ յայտարարեց, թէ նման դասաւանդումներ յոյժ կարեւոր են՝ ապագային նման ցեղասպանութիւններու առաջքը առնելու համար։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ