«Ակօս»ի դէմ սպառնալիքին գծով դատավարութիւնը կը սկսի

Եդուարդ ՏանձիկեանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունիս 10ին դատարան ներկայացան այն անձերը, որոնք ապրիլ 24, 2015ին «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ «Գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ» նախադասութեամբ սեւ ծաղկեպսակ մը դրած էին՝ սպառնալով ներկայ խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանին։

Այս շարժումին հեղինակները՝ Ազգայնապաշտ Թուրքիա կուսակցութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի նախագահ Պիլալ Կէօքչէիուրթ եւ ազգայնամոլ Էրճան Ուչար, դատարանին մէջ մերժեցին իրենց վերագրուած յանցանքը։ Կէօքչէիուրթ ըսաւ. «Սեւ ծաղկեպսակով ըսել ուզեցինք, որ կը բողոքենք պետութեան կողմէ մերժուած Ցեղասպանութեան մասին իրենց կողմնակալ հրատարակութիւններուն դէմ։ Եթէ սեւ ծաղկեպսակը սպառնալիք մըն է, ապա սպառնալիք է նաեւ «Հրանդ Տինքի հաշիւը պիտի պահանջուի» գրութեամբ այն սեւ ծաղկեպսակը, որ դրուած էր արդարադատութեան նախարարութեան առջեւ»։

Դատավարութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ «Ակօս»ի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, որ յայտնեց, թէ երբ Տինք իբրեւ թիրախ ցոյց տրուեցաւ օրին, նո՛յն բանը գրուեցաւ. «Գիշեր մը յանկարծ կրնամ գալ, Հրանդ Տինք»։ Այդպէս ալ եղա՛ւ։

Տանձիկեան ներկայ չէր դատավարութեան այս նիստին, ուստի դատաւորը որոշեց, որ ան բռնի ուժով դատարան բերուի յաջորդ նիստին։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ