Ազգային ջոջի մը կատարած քաղաքավարութեան վնասները

ERMENI ASILLI 84 YASINDAKI FERMAN GEZ 60 YIL ONCE MUSLUMAN OLDU. EVLENDIKLERINDE ESI FERZIYE GEZ MUSLUMAN'DI, ILERLEYEN DONEMDE HIRISTIYANLIK'A DONDU. CIFTIN 11 COCUGU OLDU: 7'SI MUSLUMAN KALDI. 4'U HIRISTIYANLIGI SECTI. CIFT, COCUKLARININ BIR KISMINI AKRABALARININ UZERINE KAYDETTIRDI. FERMAN GEZ, GECEN GUN ISTANBUL SAMATYA EGITIM VE ARASTIRMA HASTANESI'NDE GOZ AMELIYATI GECIRDIKTEN SONRA OLDU. HIRISTIYAN OLAN COCUKLARI, CENAZESINI MERYEMANA KILISESI'NDEKI MORGA GOTURDU. CENAZE TORENI ICIN DE ISLEMLERI BASLATTI. ANCAK MUSLUMAN OLAN COCUKLAR, BUNA KARSI CIKTI. HIRISTIYAN COCUKLAR, CENAZEYI KILISEDEN, MUSLUMAN COCUKLAR ISE CAMIDEN KALDIRMAK ISTEYINCE AILE BIRBIRINE DUSTU. MUSLUMAN COCUKLARA GORE; BATMAN SASON'A BAGLI ORENGIL KOYUNDE YASAYAN GEZ, OLENE KADAR TAM BIR MUSLUMAN GIBI YASADI. ORUC TUTAR, NAMAZ KILARDI. HATTA HACCA GITMEK ICIN DIYANET'E MURACAAT ETMISTI. BU NEDENLE ONUN CAMIDEN UGURLANMASI VE MUSLUMAN MEZARLIGINA GOMULMESI GEREKIYORDU. GEZ'IN MUSLUMAN OLDUGUNU BELIRTEN COCUKLARI, KILISEDEN CENAZEYI ISTEDI. BUNUN UZERINE DEVREYE MERYEMANA KILISESI BASPISKOPOSU, TURKIYE ERMENILIGI PATRIK GENEL VEKILI ARAM ATESYAN (RESIMDEKI) GIRDI. KONU DIYANET'E SORULDU. DIYANET "ESININ RIZASINA GORE HAREKET EDIN" DEYINCE GEZ, MERYEMANA KILISESI'NDE DUN DUZENLENEN TORENIN ARDINDAN ERMENI MEZARLIGINDA TOPRAGA VERILDI. POLIS, TOREN SIRASINDA BIR OLAY CIKMAMASI ICIN GUVENLIK ONLEMI ALDI.MUSLUMAN OLAN COCUKLAR ISE CENAZE TORENINI UZUNTUYLE IZLEDI.

Երգիծաբան, վիպագիր, գրող եւ խմբագիր Յակոբ Պարոնեան եթէ ողջ ըլլար, վստահաբար պտոյտ մը կատարած պիտի ըլլար ոչ թէ միայն Պոլսոյ թաղերուն մէջայլ նաեւ տեղւոյն թերթերու էջերէն ներս, ուր երկար «վա՜յ» մը աղերսած պիտի ըլլար եւ նկարագրած` այլ տիպարի ազգային ջոջ մը:

Ազգային ջոջ մը որ կատարած է անհիմն եւ անհեթեթ քաղաքավարութեան վնասներ:

Բնականաբար նիւթը՝ Գերմանիոյ Պունտըսթակին Հայոց Ցեղասպանութեան ի նպաստ քուէարկութեան արդիւնք, Պոլսոյ Պատրիարքական Սուրբ Աթոռի տեղապահ Արք. Արամ Աթեշեանին՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ուղղած նամակն է…թուղթէ նամակ եւ իր բովանդակութեամբ, շատ հեռու աւելի քան հարիւր տարի առաջ, նմանօրինակ այլ պայմաններու տակ Խրիմեան Հայրիկի յղած երկաթեայ եւ պողպատեայ նամակէն՝ «Երկաթէ շերեփ»էն:

Արդէն իսկ շատեր կարդացին Առաջնորդին «Մեծ Դուռ» յղած նամակին բովանդակութիւնը եւ պարզապէս ենթագիտակցեցան թէ, ան պարզապէս նախագահ Էրտողանն ու իր ղեկավարած Սուլթանամէտ պետութիւնը պաշտպանած է, կատարելով վիթխարի «կաֆ» մը եւ յատկապէս ստեղծելով ահաւոր կացութիւն մը: Ան արեւմտեան աշխարհի անհատական մութ հաշիւներուն վերագրած է Պունտըսթակին ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը:

Հայկական կողմէն կամ ներքին հայկական ճակատէն աւելի պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրած օտարն է – ներառեալ իրապաշտ, ողջմիտ կամ այլախոհ թուրքը – որ կը զարմանայ այս պատրիարքին յղած նամակին բովանդակութէնէն:

Հեռաւոր Լատին Ամերիկայի խորհրդարանի անդամներէն մինչեւ Գերմանիոյ Պունտըսթակի ներկայացուցիչներուն համար ո՛չ թէ միայն անհասկնալի, այլ խղճալի կը թուի այս նամակին բովանդակութիւնը, ուր կ՛աղաւաղուին ամբողջ տարիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններ եւ հաստատումներ:

Յատկապէս ծագումով թուրք խորհրդարանի անդամներուն համար, եւ մասնաւորաբար բանաձեւը մօտէն ուսումնասիրած եւ պատրաստած ծագումով թուրք «Կանաչներ»ու գործօն ղեկավար Ճէմ Էօզտեմիրի համար ցաւալի է Պոլսոյ Պատրիարքական տեղապահին գրածը: Հաւանաբար, Էօզտեմիր եւ անոր նմանօրինակ ղեկավարներ կամ պարզապէս արդարամիտ թուրքեր, մտերմիկ միջավայրի մէջ արտայայտուէին թէ, Հայ Դատը հակառակ ընթացքի մէջ է, եւ թէ այս անգամ թուրքն է որ կ՛ընդունի, փոխարէն հայն է որ կը մերժէ: ..Ի վերջոյ հոս ալ Հիթլերի հարցադրումը անգամ մը եւս գործածել, թէ ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Յատկապէս Գերմանիոյ քուէարկած բանաձեւին պարագային, պատահածը յատուկ անձնական եւ շրջանային հաշիւներու վերագրել եւ անտեղի եզրակացութիւններու յանգիլ, կարելի է նկատել քաղաքականութեան բնագաւառէն հեռու մտածելակերպ եւ խակ մօտեցում։

Դժբախտաբար, այսպիսի անխոհեմ նամակներ ոչ թէ միայն խոտոր կը թուին, այլ նաեւ սադրիչ:

Հեռանալով քաղաքական բնագաւառէն եւ վերադառնալով սքեմաւորներու աշխարհ, հոս ալ երկարաշունչ «վա՜յ» մը կարելի է աղերսել ու բացագանչել, այդ ալ յանձին Փրանկիսկոս Ա. Պապին, որ դեռ տարի մը առաջ քաջութիւնը ունեցած էր ամէնայն յանդգնութեամբ աղօթելու Հայոց Ցեղասպանութեան ննջեցեալներու յիշատակին:

Այսպէս մութ հաշիւներու ետին կը գտնուի այլ Մեծապատիւ Մուրացկանմը, որուն ընթացքը նոյնքան աղիտալի եւ վտանգաւոր է, որքան ամիսներ առաջ Տողու Փերինչէքի եւ իր նման ծայրայեղ ազգայնամոլներու կատարած հայատեաց գործունէութիւնը:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

http://www.yerakouyn.com/?p=111248

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ