Չանաքքալէի մէջ (Տարտանել) գտնուող 17-րդ դարու հայկական Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ իֆթարի (պահք) ճաշ մատուցուած է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրրքական «Milliyet» թերթը, յայտնելով, որ միջոցառումը կազմակերպուած է Չանաքքալէի «Մարտ 18 համալսարանի» սուֆիական համայնքի կողմէ, որուն այժմ կը պատկանի եկեղեցին։
Համալսարանի սուֆիական համայնքի գիտական գծով խորհրդական, դասախօս Հալիթ Քուշքուն յայտնած է, որ ամբողջ Ռամատանի (սուրբ ամիս) ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ իֆթարի ճաշ պիտի մատուցեն՝ այդ ընթացքին հիւրընկալելով շուրջ 10 հազար մարդ։ Անվճար ճաշի ժամանակ պիտի ներկայացուի սուֆիական աւանդոյթները եւ մշակոյթը։
17-րդ դարուն կառուցուած հայկական եկեղեցին ժամանակին վերածուած է զինապահեստի, այնուհետեւ օգտագործուած է որպէս ազգագրութեան թանգարան, մշակութային կեդրոնի դասարան։ Եկեղեցւոյ շէնքը 3 տարի առաջ վերջնականապէս յատկացուած է վերոնշեալ համալսարանի սուֆիական համայնքին։
Arevelk.am
Leave a Reply