Ռոտ Այլընտի նահանգային ծերակոյտը Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւ վաւերացուց

Ermeni SoykirimiՓՐՈՎԻՏԸՆՍ, Ռոտ Այլընտ, «Փրովիտընս Ճուրնըլ».- Չորեքշաբթի, յունիս 8ին, Ռոտ Այլընտի նահանգային Ծերակոյտը վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ նահանգի կառավարութեան կրթական բաժանմունքէն՝ տեղական միջնակարգ կամ երկրորդական վարժարաններուն մէջ ցեղասպանութեանց մասին դասաւանդութիւնները քաղաքացիական կրթութեան կենսական մէկ մասը դարձնել:

Այս բանաձեւը, որ կը շեշտէ Հրէական Ողջակիզման, Հայոց Ցեղասպանութեան, Տարֆուրի, Ռուանտայի, Քամպոտիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեանց պարագաները աշակերտներուն ծանօթացնելու կարեւորութիւնը, միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ (36-0 ձայներով) Ծերակոյտին կողմէ, եւ այժմ պէտք է քննուի նահանգային խորհրդարանին կողմէ։

Եթէ խորհրդարանը եւս վաւերացնէ բանաձեւը, ապա դասաւանդումները պիտի սկսին 2017-2018 տարեշրջանին։

Բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորներէն է ծերակուտական Կէյլ Կոլտին։

Ցարդ, եօթը նահանգներ՝ Քալիֆորնիա, Ֆլորիտա, Իլինոյ, Միշիկըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի եւ Փենսիլվանիա, ունին նման օրէնքներ:

Նշենք, որ 2011ին, Ռոտ Այլընտի նահանգային Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նման բանաձեւ մը միայն յանձնարարական բնոյթ ունէր։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ