Թուրք փաստաբանը Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը չեղեալ նկատելու համար դիմած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան

Թուրք փաստաբանԹուրք փաստաբան Ռամազան Աքպաշը Գերմանիոյ խորհրդարանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծը չեղեալ նկատելու համար իրաւական գործընթաց սկսած է: Աքպաշ համապատասխան դատ բացած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ, ինչպէս նաև Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ:

Աքպաշ այս հարցով պարզաբանումներ կատարած է թրքական Doğan լրատուական գործակալութեան՝ շեշտելով, որ Գերմանիա բնակող 4.5 միլիոն թուրքերէն եւ թրքական ծագումով գերմանացիներէն իւրքանչիւրը կրնայ անհատական դատով դիմել Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան:

Թուրք փաստաբանը նկատել տուած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը հաշուի չնստեցաւ գերմանաբնակ թուրքերուն հետ և այդ ձեւով հարուած հասցուց երկրին մէջ տիրող ներքին խաղաղութեան:

«Գերմանիան կրակի հետ կը խաղայ: Երկրին մէջ տիրող իսլամաֆոպիայի դրսևորումները, ինչպէս նաև թուրքերու դէմ թշնամանքը աւելի կը տարածուի: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, խիստ վտանգաւոր է», ըսած է ան:

Աքպաշը մտավախութիւն յայտնած է նաեւ, որ այս որոշումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին դիրքորոշումը կրնայ արտացոլալ նաև դասագիրքերու մէջ, և այդ իսկ պատճառով Գերմանիոյ մէջ հիմը կը դրուի թուրքերու դէմ ատելութեան: Ան յոյս յայտնած է, որ դատարանը կ՚ուսումնասիրէ իր դիմումը և կը բաւարարէ իր բողոքը:

http://horizonweekly.ca/news/details/87661

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ