ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Գորշ գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութեան քաղաքական թեւը հանդիսացող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի, իր կուսակցութեան յունիս 8ի նիստին ընթացքին արտայայտուած է Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերացման մասին՝ ցոյց տալով, որ վերջին 101 տարիներուն շատ բան չէ փոխուած ազգայնամոլներու մտայնութեան մէջ:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ Պահչելի արդարացուցած է երիտթուրքերուն կողմէ հայերը տեղահանութեան ենթարկելու որոշումը՝ զայն անուանելով «հիանալի որոշում»:
Օգտագործելով թրքական կեղծ թէզերը՝ ան մասնաւորապէս ըսած է. «Ով ի՛նչ ուզէ, թող ըսէ. թուրք ժողովուրդի թիկունքէն դաշունահարածներու տեղահանութիւնը հիանալի քաղաքական որոշում էր, որ փրկեց թրքական հայրենիքը։ Փա՜ռք Աստուծոյ, որ կատարուած է այն, ինչ անհրաժեշտ էր: Տեղահանութիւնը տեղի՛ն էր։ Այսօր ալ եթէ նման իրավիճակ ստեղծուի, անիկա անխուսափելի պիտի ըլլայ: Այդ ժամանակաշրջանի իթթիհատական (երիտթուրքեր) ղեկավարները ազգային գիտակցութեամբ կատարած են իրենց պարտականութիւնը»։
Պահչելի խօսած է նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին կողմ քուէարկած թուրք պատգամաւորներուն մասին՝ կրկին օգտագործելով վիրաւորական ձեւակերպումներ: Ան համաձայն գտնուած է վերոնշեալ պատգամաւորներուն արիւնը զննելու անհրաժեշտութեան մասին Էրտողանի կատարած անհեթեթ յայտարարութեան, աւելցնելով, որ այդ պատգամաւորներուն արիւնը «այնքա՛ն փճացած է, որ նոյնիսկ կարելի չէ զայն արիւն կոչել»:
Asbarez.com
Leave a Reply