Ես անձամբ պիտի շարունակեմ հանդէս գալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու սկսելու օգտին. Անկելա Մերքել

Անկելա ՄերքելԳերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ Պեռլինի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ անհասկնալի են Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ խորհրդարանի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին թեր քուէարկած երեսփոխաններուն հասցէին հնչող պահանջներն ու մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

«Գերմանիոյ Պունտեսթակին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին կապակցութեամբ յայտնի է, որ գոյութիւն ունի Գերմանիոյ Պունտեսթակի եւ թրքական կողմի երկու տարբեր կարծիք: Այդ առնչութեամբ ես անձամբ պիտի շարունակեմ… հանդէս գալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու սկսելու օգտին: Գերմանիոյ Պունտեսթակի երեսփոխանները, առանց բացառութեան, ազատօրէն ընտրուած երեսփոխաններ են, եւ այն պահանջներն ու յայտարարութիւնները, որոնք այժմ կը հնչեն Թուրքիոյ կողմէ, ես անհասկնալի կը նկատեմ», ըսած է Մերքել` մեկնաբանելով Գերմանիոյ ծագումով թուրք խորհրդարանականներուն հասցէին Թուրքիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւնը, որ անոնց, մասնաւորաբար, մեղադրած է հայրենասիրութեան պակասի եւ իրենց երակներուն մէջ թրքական արեան բացակայութեան մէջ:

http://www.yerakouyn.com/?p=110767

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ