Մահուան սպառնալիքներ ստացող Օզտեմիր եւ Մերքելի գրասենեակը կը պատասխանեն Էրտողանին

BerlinԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումէն ետք մահուան սպառնալիքներ ստացած բանաձեւի նախաձեռնողներէն՝ Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր, պատասխանած է իր հասցէին ծանր քննադատութիւններ կատարած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին:

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» ձայնասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Օզտեմիր իր եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի այլ թուրք պատգամաւորներու հասցէին Էրտողանի ունեցած արտայայտութիւնները՝ «ոչ ժամանակակից քաղաքագէտի մը վայել» բնութագրած է:

Նշենք, որ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ յատկապէս այն իրողութեան, որ անոր պատրաստութեան նպաստած են ազգութեամբ թուրք պատգամաւորներ՝ Էրտողան ըսած էր. «Ի՞նչ թուրք։ Անոնց արիւնը պէտք է տարրալուծարանի մէջ քննութեան ենթարկել»: Էրտողան նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի թրքական ծագում ունեցող 11 պատգամաւորները, որոնք Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը հովանաւորած էին, ամբաստանած էր իբրեւ ահաբեկչութիւնը սատարողներ:

Իսկ Օզտեմիր այս գծով ըսած է. «Գերմանիոյ խորհրդարանը ստիպուած չէ ոեւէ մենատէր առաջնորդի քմահաճոյքներուն համապատասխան որոշումներ տալու»:

Նշենք, որ երկուշաբթի, յունիս 6ին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գրասենեակը խիստ պատասխանով մը հակազդած էր Էրտողանին՝ յայտարարելով, որ այս բանաձեւը քաղաքական նախաձեռնութիւն մըն էր, որ սկիզբ առած էր Պունտեսթակի մէջ, որ ժողովրդավարականօրէն ընտրուած ինքնիշխան մարմին մըն է»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ