Թուրքիա պէտք է դադրի գլուխը հողին մէջ թաղելէն. պոլսահայ պատգամաւոր

Selina DoganԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարած է նաեւ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը ներկայացնող պոլսահայ պատգամաւոր Սելինա Տողան:

Թրքական «Էնսոնհապեր» լրատուական կայքը կը գրէ, որ պոլսահայ պատգամաւորին յայտարարութիւնը կը տարբերի իր կուսակցութեան դիրքորոշումէն։ Նշենք, որ հանրապետականները եւս ստորագրած էին Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ Գերմանիոյ քայլը դատապարտող համատեղ հռչակագիրը:

«Նման կոտորածներ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն են», իր կարգին յայտարարած է Տողան՝ ընդգծելով, որ ժամանակը հասած է, որ Թուրքիա դադրի իր գլուխը հողին մէջ թաղելէն:

Ան նաեւ նշած է, որ իր ընտանիքին մէջ, թէ՛ հայրական եւ թէ մայրական կողմէն, կորուստներ արձանագրուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին:

Նշելով, թէ ժամանակին միլիոններու հասնող հայերէն այժմ միայն հազարներ մնացած են՝ Տողան ըսած է. «Ինչպէս այլ կոտորածներու եւ ջարդերու, այնպէս ալ այս պարագային, կը պահանջենք խորհրդարանին մէջ համապատասխան յանձնաժողով ստեղծել: Սակայն, ցաւօք, նման քայլի մը իրագործման համապատասխան հիմքերը դեռ չկան: Չունինք խորհրդարանական համակարգ, որ կ՛արտացոլացնէ բազմակարծութիւն, չունինք խօսքի ազատութիւն, ո՛չ ալ կրնանք զիրար հանդուրժել»:

Ան նաեւ խօսած է բանաձեւի այն կէտին մասին, ուր Գերմանիա կ՛ընդունի իր պատասխանատուութիւնը:

«Քննադատութիւններով, Պերլինէն Թուրքիոյ դեսպանը տուն կանչելով, «Մերսետես» ինքնաշարժներէն քաջաբար հրաժարելով՝ Թուրքիա չի կրնար ազատիլ այս հարցէն: Երկիր մը, որ ֆաշականութեան միջէն անցած է, կրցաւ ընդունիլ նման բանաձեւ մը, որ կը համապատասխանէ անցեալի հետ առերեսուելու իր աւանդոյթին: Գերմանիոյ մէջ լուրջ արխիւ կայ, եւ եթէ Գերմանիան կ՛ընդունի իր պատասխանատուութիւնը, ապա անիկա արխիւները ուսումնասիրելուն արդիւնք է», եզրափակած է պոլսահայ պատգամաւորը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2016
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ