Սթամպուլի մէջ ոստիկանութիւնը շղթայած է Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով Deutsche Welle-ի տեղեկութիւնները։
Իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները փակած են դէպի շէնք տանող փողոցները եւ այնտեղ կանգնեցուցած ջրցան մեքենաներ:
Միջոցներ ձեռնարկուած են հիւպատոսարանին մօտ տեղի ունեցած բողոքին առնչութեամբ: Շարժման մասնակիցները բողոքած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պունտեսթակի բանաձեւին դէմ:
Յիշեցնենք, որ յունիս 2-ին Պունտեսթակը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը:
Leave a Reply