ՄԵՐՔԵԼ ՆԵՑՈՒԿ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Էրմենիհապեր», «Մարմարա».- Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւին հաւանական վաւերացումը պէտք չէ Թուրքիա–Գերմանիա յարաբերութիւններուն երկարաժամկէտ վատթարացման առաջնորդէ. Յունիս 1ին, Պերլինի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարթին Շեֆեր:
Մինչ այդ, թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը հաղորդած է, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հաւանութիւն տուած է բանաձեւի վաւերացման, հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մայիս 31ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Մերքելի հետ՝ բանաձեւին վերաբերեալ իր դժգոհութիւնն ու անհանգստութիւնը յայտնելու համար:
Աւելի ուշ, Էրտողան այդ զրոյցին մասին յայտարարութիւններ ըրաւ մամուլին ու նշեց, թէ Մերքել խոստացած է կարելին ընել, «որպէսզի բանաձեւը քուէարկութեան չդրուի»։
Էրտողան կրկնած է, թէ այսպիսի նախաձեռնութիւններ վնաս պիտի հասցնեն թուրք-գերմանական թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ զինուորական եւ թէ առեւտրական յարաբերութիւններուն։
«Այս պահուս, ճիշդ չէ արժեւորում կատարել որոշումի մը, որ չէ ընդունուած տակաւին։ Որոշում մը առնուելէն ետք միայն, կառավարութիւնն ու ես անպայման անհրաժեշտ արժեւորումները պիտի ընենք։ Բոլորս ալ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ որոշում ալ ընդունուի՝ այդ որոշումը Թուրքիոյ վրայ պարտաւորիչ հանգամանք պիտի չունենայ», եզրակացուցած է նախագահը։
Միւս կողմէ, Մերքելի բանբերը Յունիս 1ին հաստատեց, թէ վարչապետը բանաձեւին նեցուկ կը կանգնի, սակայն պիտի չկարենայ ներկայ ըլլալ բանաձեւը քննող խորհրդարանական նիստին։
Նշենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը Յունիս 2ին պիտի քննէ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 101 տարի առաջ հայերու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեանց եւ յիշատակին մասին» խորագրեալ բանաձեւը։ Նախատեսուած է բանաձեւի քննարկումներուն սկսիլ Գերմանիոյ ժամով՝ առաւօտեան ժամը 11։10ին (Քալիֆորնիոյ ժամով՝ կանուխ առաւօտեան ժամը 2։10ին)։ Սփռումը պիտի կատարուի Գերմանիոյ խորհրդարանի համացանցային կայքէն՝ www.bundestag.de։
Իսկ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական Իհսան Շեներ, անդրադառնալով այս հարցին՝ անհանգստութիւն յայտնեց ու նշեց, թէ Հայկական հարցը երկար ժամանակէ ի վեր կը գործածուի Թուրքիան նեղի մատնելու նպատակով։ Շեներ խորհուրդ տուաւ, որ Գերմանիա «չիյնայ Հայկական Սփիւռքին կազմակերպած խաղերուն մէջ»։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ «1915ի դէպքերը» իբրեւ ցեղասպանութիւն որակող բանաձեւը չի ցոլացներ իրականութիւնը՝ կրկին մէջբերելով պատմաբաններու յանձնաժողով մը կազմելու թրքական կողմի առաջարկը։
Շեների պնդումով, վերջին 14 տարիներուն, Էրտողան Թուրքիան դարձուցած է այնպիսի երկիր մը, որ «իր խօսքը կ՛ըսէ աշխարհին»։ Այդ իրողութիւնը անհանգստութիւն կը պատճառէ բազմաթիւ երկիրներու, եւ այդ անհանգստութեան պատճառով է որ վերջին շրջանին յաճախակի կերպով օրակարգի կը բերուի Հայկական Հարցը։
Նշենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերվարական միութիւն եւ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեանց խորհրդարանական խմբակներուն համատեղ նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բանաձեւը օրակարգին մէջ ընդգրկուած է յստակ՝ «ցեղասպանութիւն» բացատրութեամբ։ Նախագիծին կողմնակից են թէ՛ համախոհական կառավարութեան եւ թէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ։
Գերմանիոյ խորհրդարանը 2005ին վաւերացուցած էր «1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը զանգուածային բնաջնջումի ենթարկելու, ցեղային զտումի ենթարկելու եւ տեղահանելու» մասին բանաձեւ մը, ուր սակայն գործածուած չէր «ցեղասպանութիւն» բառը։ Գերմանիոյ դիրքորոշումին մէջ անկիւնադարձ տեղի ունեցաւ 2015ի Ապրիլ 20ին, երբ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վոլթեր Շթայնմայեր ու վարչապետ Մերքելի բանբեր Շթեֆան Զայպերթ յայտարարութիւններ ըրին Ցեղասպանութեան մասին։ Իր կարգին, Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Քաուք, Ապրիլ 23ին, Պերլինի Մայր տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման արարողութեան մասնակցելով՝ ելոյթ մը ունեցաւ ու հայերու կոտորածները բնութագրեց որպէս ցեղասպանութիւն։
Ապրիլ 24, 2015ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկութեան դրուեցաւ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւը. այդ նիստը բացաւ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ, որ 1915ի դէպքերը անուանեց ցեղասպանութիւն։ Նիստին ընթացքին կուսակցական տարբեր խմբակցութիւններու ղեկավարներ եւս հայանպաստ յայտարարութիւններ ըրին՝ ընդունելով կատարուածը, սակայն բանաձեւ մը չվաւերացուեցաւ։
Նաեւ, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Փետրուար 25, 2016ին բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի վաւերացման շուրջ, բայց անոնք քուէարկութեան չյանգեցուցին։
Asbarez.com
Leave a Reply