Թուրք յօդուածագիրը կը փորձէ Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն դարձնել Գերմանիան

Hushardzan 1ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք յօդուածագիր Քերեմ Չալըշքան հրապարակեց ծաւալուն յօդուած մը, որով անդրադարձաւ յունիս 2ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ու յատկապէս՝ Գերմանիոյ կայսրութեան դերին։

Յօդուածագիրին կարծիքով, Գերմանիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը օրակարգի նիւթ դարձուցած է, որպէսզի կարգ մը առաւելութիւններ ապահովէ Թուրքիոյ հանդէպ՝ գաղթականներու տագնապին գծով։ Ըստ Չալըշքանի՝ Գերմանիա նպատակ ունի Թուրքիան վերածելու փախստականներու ճամբարի մը։ «Գերմանացիները, հետապնդելով այս նպատակը՝ 101 տարի ետք, ճօճելով հայկական մահակը՝ կը փորձեն ծեծել Թուրքիան ու Էրտողանը»։

Ան նաեւ կը պնդէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական պատասխանատուն գերմանացի հրամանատարներն էին, «որովհետեւ այդ տարիներուն օսմանեան բանակը կը ղեկավարուէր Գերմանիոյ կայսրութեան կողմէ»։

Չալըշքան ապա կ՛անդրադառնայ Պերլինի մէջ քննարկուելիք բանաձեւին դէմ կազմակերպուող թուրքերու բողոքի ցոյցին, իսկ յօդուածը կ՛աւարտէ Գերմանիոյ ուղղեալ հետեւեալ տողով. «Նախ եւ առաջ դուն առերեսուէ՛ պատմութեանդ հետ, ապա խառնէ՛ Թուրքիան»։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ