Ցեղասպանութեան մասին Պունտեսթակի բանաձեւը նաեւ կ՛անդրադառնայ Գերմանիոյ մեղսակցութեան

ՊունտեսթակԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Յունիս 2ին քննուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին մէջ յիշատակում պիտի կատարուի նաեւ Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին. մայիս 27ին այս մասին գրած է ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէլրատու գործակալութիւնը:

«Ա.Էֆ.Փէ.»ն կ՛աւելցնէ, թէ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ՛օգտագործուի «ցեղասպանութիւն» եզրը, իսկ բանաձեւի խորագիրն է՝ «101 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու եւ միւս քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան յիշատակին»:

Հայերուն մասին այս փաստաթուղթին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Անոնց ճակատագիրը օրինակ է զանգուածային բնաջնջման, ցեղային զտման, տեղահանութիւններու եւ իրական ցեղասպանութեան, որոնցմով սարսափելիօրէն նշանաւորուեցաւ 20րդ դարը»:

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Գերմանական կայսրութիւնը մասնակի պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ իրադարձութիւններուն մէջ. «Պունտեսթակը կը ճանչնայ Գերմանիոյ առանձնայատուկ պատմական պատասխանատուութիւնը», կ՛ըսուի հոն եւ կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանին ու Թուրքիոյ՝ փոխըմբռնման եւ հաշտեցման ուղիներ որոնելու:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ