«Կարտիըն» Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու պատմութեան կ՛անդրադառնայ

ԿարտիընՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, անգլիական «Կարտիըն» թերթը Հայաստանի ու Սփիւռքի իր ընթերցողներուն առաջարկած էր պատմել, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն ձգած է Ցեղասպանութիւնը անոնց ընտանիքներուն վրայ։

Այս նախագիծին արձագանգած են աւելի քան 500 ընթերցողներ՝ ուղարկելով նամակներ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր, որոնց մէկ մասը ներկայացուած է թերթի կայքին վրայ, եւ որոնցմէ մէկն է Միսաք Ուրֆալեանի պատմածը. «Մեծ մայրս դուստր մը եւ մանչ զաւակ մը ունէր, երբ սկսած էին կոտորածներն ու տեղահանութիւնները։ Իր ամուսինը սպաննած էին, եւ ինք ստիպուեր էր փախչելու։

Ան չէր կրցած իր երկու զաւակները իրեն հետ առնել եւ ստիպուած՝ իր հնգամեայ աղջիկը թողած էր տեղւոյն եկեղեցւոյ աստիճաններուն վրայ եւ տղուն հետ միասին փախած էր անապատ։ Յետագային հաստատուած էր Լիբանան, ուր կրկին ամուսնացած էր եւ աշխարհ բերած էր հայրս։ Մեծ մայրս երբեք չգիտցաւ, թէ ի՛նչ եղաւ իր աղջկան ճակատագիրը։ Չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ի՛նչ ցաւ ապրած է ան՝ կորսնցնելով իր աղջիկը։ Ինչ որ է, ան ամուր գտնուած է, երեխաներ ունեցած է իր երկրորդ ամուսնութենէն եւ նոր ընտանիք մը կազմած է»։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ