Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի առնչութեամբ Գերմանիայէն դրական ազդակներ կու գան. Պետօ Տէմիրճեան

Պետօ ՏէմիրճեանՊունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի սպասուող քննարկման առնչութեամբ Գերմանիայէն դրական ազդակներ կու գան: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեանը:

«Յուսադրող է եկող արձագանգը, գրեթէ բոլոր խմբակցութիւնները համաձայն են, որ այլեւս ժամանակն է քննադատելու Թուրքիան եւ ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը: Ինչպէս գիտէք, Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, թուրքազգի Ճեմ Օզտեմիրը Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի համանախաձեռնողներէն է: Ան նաեւ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած 1915 թուականի անմեղ զոհերու յիշատակին»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեանը:

Ան նշած է, որ դրական ազդակներ կու գան, ոչ միայն քաղաքական դաշտէն, այլեւ հասարակական հատուածէն: Ան յիշեցուցած է, որ մտաւորականները նամակով դիմած են Անկելա Մերգելին, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւն ընդունուի:

«Գերմանիոյ հասարակութեան մէջ շատոնց հասունցած է այն պահը, որ պէտք է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պէտք է նշեմ, որ քաղաքական դաշտի մէջ ուրացում, ժխտողականութիւն չկայ, պարզապէս քաղաքական շահերէն մեկնելով հարցը կը ձգձգուի»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեանը:

Անդրադառնալով Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու քաղաքական զարգացումներուն` Պետօ Տէմիրճեան նշած է, որ Եւրոպայի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ խիստ մօտեցումներ կը նկատուին` կապուած վիզայի ազատականացման հետ: Ասոր ի պատասխան ալ Թուրքիան հանդէս կու գայ  քննադատող յայտարարութիւններով՝ ըսելով, որ Եւրոպան իրենց պէտք չէ: Որքանո՞վ այդ խիստ շեշտադրումները կրնան պարարտ հող ստեղծել Գերմանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծի ընդունման համար հարցին ի պատասխան՝ Պետօ Տէմիրճեան նշած է, որ ամէն ինչ հնարաւոր է:

«Յուսանք, որ ամէն ինչ լաւ ըլլայ, բայց մինչեւ քուէարկութեան պահը եւ անկէ ետք շատ բան կրնայ փոխուիլ: Արդէն գիտենք, որ Թուրքիան որոշ ճնշումներ կը գործադրէ, որ Պունտեսթակը չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց այդ բոլորի կողքին կայ հայ համայնքը: Կը փորձենք գործընացը մղել ճիշդ ուղի: Մենք չենք ուզեր երկրորդ այնպիսի բանաձեւ, ուր ըլլան ընդհանուր խօսքեր, որոնք չեն վերաբերիր բուն նիւթին` Հայոց Ցեղասպանութեան»,- աւելցուցած է Պետօ Տէմիրճեանը:

http://www.yerakouyn.com/?p=109696

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ