Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովՀայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, մարտ 18-19ին, կազմակերպութեամբ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի «Գազան» հիմնադրամի այցելու դասախօս Ումիթ Քիւրթի, ի մի բերելով հայ, քիւրտ եւ թուրք մասնագէտներ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

«Կայսրութիւն, քաղաքականութիւն եւ պատերազմ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան պարունակին մէջ» խորագրուած գիտաժողովի համահովանաւորներն էին Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը, հիւրընկալ համալսարանի Արուեստներու բաժանմունքը, իսկ անոր նեցուկ կանգնած են Թամըս Գույումճեան ընտանիքի հիմնարկը եւ Լիան Փիթըրզի անուան հիմնարկը:

Գիտաժողովի առաջին օրը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրք-լիի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ դոկտ. Ստեփան Աստուրեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսմանց զարգացման, կարիքներուն եւ ապագային մասին:

Այնուհետեւ, ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին Վարագ Քեթսեմանեան, Աննա Ալեքսանեան եւ դոկտ. Եքթան Թիւրքեըլմազ:

Երկրորդ օրուան ներկայացումները կեդրոնացած էին Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութեանց վրայ։ Ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին Եաշար Թոլկա Քորա, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան եւ Ումիթ Քիւրթ։

 http://www.yerakouyn.com/?p=109604

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ