Եւրոպաբնակ թուրքերը կը պատրաստուին Պերլինի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպելու Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ

BerlinԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոպաբնակ թուրքերը կը պատրաստուին լայնածաւալ ցոյցեր կատարելու, բողոքելու համար Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ, որ քուէարկութեան պիտի դրուի յունիս 2ին:

Թրքական «Ուլուսալքանալ» լրատուական կայքը կը գրէ, որ թրքական շարք մը կազմակերպութիւններ ժողով գումարած են եւ որոշած Մայիս 28ին, մայրաքաղաք Պերլինի մէջ բողոքի ցոյց մը կատարել: Ցոյցէն ետք տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ դէպի Գերմանիոյ խորհրդարանի շէնքը: Ցոյցին աջակցութիւն յայտնած է Կրօնական հարցերով թուրք-իսլամական միութիւնը, որուն հովանիին տակ կը գործեն 896 կազմակերպութիւններ:

Մայիս 28ի ցոյցին պիտի մասնակցին առնուազն 14 կազմակերպութիւններ, որոնք ունին հազարաւոր անդամներ: Մասնակից կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ կը նշուի նաեւ Գերմանիոյ թուրք-ատրպէյճանական միութեան անունը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ