«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակին արժանացած Մարգարիտ Պարանկիցէն ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ–ի Մարդասիրական համաշխարհային գագաթնաժողովին, որուն կը մասնակցին քաղաքական եւ մարդասիրական ոլորտներու 5000 ներկայացուցիչներ:
Auroraprize.com-ի փոխանցմամբ` Մարգարիտ Պարանկիցէն իր` որպէս «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր առաջին հանրային ելոյթին մէջ պիտի խօսի այն մասին, թէ ինչպէս հակամարտութիւններէն տուժած համայնքները տեղական նախաձեռնութիւններու միջոցով ուղղակիօրէն կ՛ազդեն մարդասիրական գործի ներգրաւուածութեան վրայ` փոխելով վերջինիս կանոնները:
Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցող երկօրեայ գագաթնաժողովի ընթացքին Մարգարիտը կը մասնակցի «Կեդրոնին մարդիկ են» խորագիրով յատուկ նիստին, որուն նպատակները առաջադրելու ատեն ՄԱԿ-ը նշած է. «Գագաթնաժողովը պէտք է ընդգծէ մարդասիրական ձեռնարկումներու տրամաբանութեան այն մեծ տեղաշարժը, որով մարդասիրական որեւէ արձագանգի շարժիչ ուժը պիտի դառնայ տուժածներուն իրական լիազօրութիւններու տրամադրումը»:
Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին 30.000 որբացած երեխաներ փրկած Մարգարիտը կ՛ապացուցէ, որ անհատը կրնայ հազարաւոր մարդոց կեանքին մէջ էական դրական փոփոխութիւն բերել:
Հայաստանի մէջ Ապրիլ 24-ին Մարգարիտ Պարանկիցէին շնորհուած է «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը, որ տրուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն` ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն: 2017-ի «Աւրորա» համաշխարհային մրցանակի առաջադրումը պիտի մեկնարկէ Յունիս 1-ին:
Առաջին անգամ կազմակերպուած Մարդասիրական համաշխարհային գագաթնաժողովը, որ նախաձեռնած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն, տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ մէջ Մայիս 23- 24:
http://www.yerakouyn.com/?p=109460
Leave a Reply