Թուրքիան 3000 թուականէն շուտ ԵՄ անդամ չի դառնայ. Քամերոն

183091290OS00029_PRIME_MINI
183091290OS00029_PRIME_MINI

Բանակցութիւններու այժմեան քայլերու պահպանման պարագային Թուրքիան 3000 թուականէն շուտ ԵՄ անդամ չի դառնար: Այս մասին յայտարարած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն:

Ըստ «Արցախփրես»-ի, ITV հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Քամերոն նշած է, որ «նոյնիսկ մօտ ապագայի ծրագիրներուն մէջ ԵՄ-ին Թուրքիոյ անդամակցութեան հնարաւորութիւն չկայ»:

«Անոնք յայտ ներկայացուցած են 1987 թուականին: Եւ յառաջընթացի այժմեան չափերու պահպանման պարագային անոնք, հաւանաբար, անդամակցութեան կը հասնին մօտաւորապէս 3000 թուականին, եթէ հաւատանք ամենավերջին կանխատեսումներուն»,- յայտարարած է Քամերոն:

http://www.yerakouyn.com/?p=109339

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ