Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք յայտարարած է, որ կուսակցութեան նոր ղեկավարի եւ վարչապետի թեկնածուն փոխադրամիջոցներու, ծովագնացութեան եւ հաղորդակցութեան նախարար Պինալի Եըլտըրըմն է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը։
Եըլտըրըմ իր խօսքին մէջ ըսած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին թեկնածու առաջադրուիլը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Ահմետ Տաւութօղլուին մինչեւ օրս կատարած աշխատանքներուն համար: Ապագայ վարչապետը խոստացած է պայքարիլ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութեան բնաջնջման ուղղութեամբ:
22 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան արտակարգ ժողովը, որուն ընթացքին Եըլտըրըմ պաշտօնապէս պիտի ընտրուի կուսակցութեան նախագահ եւ վարչապետ:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 4 մայիսի երեկոյեան յայտարարած է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտակարգ ընդհանուր ժողովին ընթացքին պիտի չառաջադրուի իբրեւ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնի թեկնածու, ինչ որ ինքնին կ՛ենթադրէ, որ ան այլեւս պիտի չըլլայ Թուրքիոյ վարչապետ:
Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի միջեւ տարակարծութիւնները սկսած են Էրտողանի` Թուրքիոյ նախագահ դառնալէն ետք, երբ վերջինս ոչ մէկ ձեւով ուզեց հետեւիլ երկրի սահմանադրական պահանջին եւ ուզեց շարունակել առանձին կառավարել Թուրքիան:
Էրտողան-Տաւութօղլու ճգնաժամը իր գագաթնակէտին հասած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, Միջին Արեւելքի հետ կապուած խնդիրներուն մէջ, սուրիացի տեղահանուածներու հետ կապուած Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութիւններուն նկատմամբ անհամաձայնութիւններու պատճառով: Բացի ատկէ, Էրտողանի կամայական որոշումով կառավարութեան անդամները նշանակելու սահմանադրական լիազօրութիւնը վարչապետէն խլուած եւ փոխանցուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարչական խորհուրդին, ինչ որ կը նշանակէ, որ Էրտողան անկէ խլած է այդ լիազօրութիւնը եւս:
Թուրք քաղաքական վերլուծաբանները ընթացող զարգացումները անուանած են «4 մայիսի նախագահական յեղաշրջում»:
Leave a Reply