Իտալիոյ երկու քաղաքապետութիւններ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայոց ՑեղասպանութիւնԵՐԵՒԱՆ, «Անկախ».- Իտալիոյ Քանոզա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը մայիս 16ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Մինչ այդ, ապրիլի 30ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը միաձայն ճանաչել էր նաեւ իտալական մէկ այլ քաղաքի՝ Չիվիթա Քասթելանայի խորհուրդը»:

Այսպիսով, Իտալիոյ մէջ տեղական իշխանութիւններու՝ նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներու մակարդակով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ հայ ժողովուրդին իրենց համերաշխութիւնը յայտնած են 107 խորհուրդներ, նշած է նախարարութիւնը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ