Օրենճ Քաունթին ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակեց

Board of SupervisorsՕրենճ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը (Board of Supervisors) երեքշաբթի, մայիս 10ին միաձայնութեամբ վաւերացուց խորհուրդի փոխատենապետ Միշել Սթիլի կողմէ ներկայացուած այն բանաձեւը, որ այսուհետեւ ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս կը հռչակէ «Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր», կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:

«Օրենճ Քաունթիին պարտականութիւնն է առաջնորդի դեր խաղալ՝ մարդկային այս ողբերգութիւնը երբե՛ք չմոռնալու եւ անոր զոհերը պատուելու աշխատանքին մէջ», յայտարարեց Միշել Սթիլ եւ աւելցուց, թէ աւելի քան 100 տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն, սակայն երբե՛ք ուշ չէ պատմական ճշմարտութիւնները վերահաստատելու, միաժամանակ՝ դատապարտելու հայութիւնը իր պատմական հողէն տեղահանած ահաւոր սպանդները։

Բանաձեւին նեցուկ կանգնելու նպատակով, շրջանի հայութեան ներկայացուցիչները իրենց մասնակցութիւնը բերին Օրենճ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի սոյն ժողովին, որուն առջեւ ելոյթ ունենալով՝ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Կարօ Մատենլեան բանաձեւին ի նպաստ արտայայտուեցաւ եւ դրաուտեց վերահսկիչներու խորհուրդը։

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մուշեղ քհնյ. Թաշճեան, գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Կասիա Աբգարեան եւ Պրէա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարթի Սիմոնոֆ։

Ներկայ էին նաեւ շրջանի Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանէն աշակերտներ՝ իրենց տնօրէնուհի Գոհար Զահերի ընկերակցութեամբ։

http://www.yerakouyn.com/?p=108660

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ