Պայթում` Պոլսոյ մէջ

SANCAKTEPE'DE ASKERİ KIŞLA KARŞISINDA PATLAMA
SANCAKTEPE’DE ASKERİ KIŞLA KARŞISINDA PATLAMA

Երէկ, հինգշաբթի, 12 մայիսին ութ հոգի վիրաւորուեցաւ Պոլսոյ ասիական բաժինի զօրանոցներու շրջանին մէջ: Պայթումը պատահեցաւ, երբ ականուած ինքնաշարժ մը ռմբահարուեցաւ հեռակայ դրութեամբ, զինուորական ինքնաշարժի մը կողքով անցած պահուն: Պոլսոյ նահանգապետ Վասիբ Շահինի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, պայթումին թիրախն էր զինուորական ինքնաշարժը: Դէպքին գծով հետաքննութիւն բացուած է:

Պոլսոյ այս պայթումը տեղի ունեցաւ երկրին մէջ տիրող այնպիսի լարուած մթնոլորտի մէջ, երբ յաճախակիօրէն կրկնուող պայթումներ ցնցեցին թրքական զանազան քաղաքներ ու շրջաններ` Վան, Տիգրանակերտ, Ճիզրէ, Քիլիս եւ այլն: Փոխադարձաբար թրքական բանակն ու ապահովութեան ուժեր ռմբակոծեցին նշեալ վայրերու կասկածելի թիրախներ, յատկապէս` քրտական զինեալ հակակշիռին տակ գտնուող դիրքերը: Պայթումները ընդհանրապէս կը ստանձնէին ՏԱՀԵՇ-ը ու քրտական կամ ձախակողմեան կուսակցութիւններ:

Երէկուան պայթումը ցարդ ոչ մէկ խմբաւորում ստանձնած է:

http://www.aztagdaily.com/archives/294603

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ