ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին օրերուն քաղաքական օրակարգի վրայ է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլանը, որուն դէմ, ինչպէս յայտնի է, խորհրդարանի ժողովին ընթացքին յարձակում գործուած էր իշխանամէտ երեսփոխաններու կողմէ։ Այդ յարձակումին ընթացքին երեսփոխանները ուղղակի թիրախ դարձուցած էին Կարօ Փայլանը, եւ անոր հայ ըլլալուն մասին կատարուած ակնարկութիւնները ունեցած էին նախատական ու ցեղապաշտական բնոյթ։
Հրանդ Գասպարեան «Թարաֆ» թերթի էջերով կը տեղեկացնէ, որ այս յարձակումը այժմ քննարկումի նիւթ դարձած է նաեւ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին կողմէ։ Յանձնախումբը հարցը յղած է խորհրդարան եւ պահանջած է, որ լայն քննարկումի ենթարկուի ուղղակի ցեղապաշտական նկատառումներով կատարուած այս յարձակումը։
Յանձնախումբը իր դիմումնագիրին մէջ կը նշէ, թէ թրքական իշխանութիւնները ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի քրտամէտ կուսակցութիւնը քաղաքական կեանքէ դուրս վտարեն ու այդ կուսակցութեան երեսփոխանները պատժուին։ Այս նպատակով է որ յարձակում մըն ալ կատարուած է Կարօ Փայլանի վրայ։ Բայց Փայլանի վրայ կատարուած յարձակումը միայն ֆիզիքական հարուածի հանգամանք չէ ունեցած, այլեւ ցեղապաշտական յանցագործութիւն է։ Յարձակման ընթացքին յստակ կերպով նախատուած է Կարօ Փայլանի հայկական ինքնութիւնը. նախայարձակները «հայու լաճ» կամ «ԱՍԱԼԱի աշկերտ» ըսած են Կարօ Փայլանի հասցէին։ Այսպիսով ո՛չ միայն խանգարուած է երեսփոխաններու օրէնսդրական աշխատանքը, այլ նաեւ գրգռութիւն կատարուած է, որպէսզի ժողովուրդի մէկ մասը ժողովուրդի մէկ ուրիշ մասին դէմ թշնամութիւն հրահրէ։
Յանձնախումբի դիմումնագիրին մէջ ամէնէն կարեւոր կէտը կը վերաբերի Կարօ Փայլանի կեանքի ապահովութեան կապակցութեամբ կատարուած ակնարկութիւններուն։ Հոն յիշեցում կը կատարուին Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի դէմ գործուած մահացու յարձակումներուն մասին։
Յանձնախումբը պահանջած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը հրապարակաւ յայտարարէ, թէ ինք կը պախարակէ այս յարձակումը եւ դէմ է ամէն տեսակ ցեղապաշտական յարձակումներու։
Միւս կողմէ հաղորդուեցաւ, որ «Ո՛չ ազգայնապաշտութեան» կազմակերպութեան կողմէ Մայիս 13ին, Թաքսիմի «Հիլ» պանդոկին մէջ պիտի կազմակերպուի հաւաք մը, ուր ուշադրութիւն պիտի հրաւիրուի կիներու, քիւրտ կամ հայ երեսփոխաններու դէմ կատարուած յարձակումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջուի, որ միջոցառումներ որդեգրուին՝ անոնց կեանքի ապահովութեան համար։
Asbarez.com
Leave a Reply