Քիւրտ երեսփոխաններ կը սպառնան այլ խորհրդարան հաստատել

BaydemirՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, դատապարտելով երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը խլելը դիւրացնող օրէնքի վաւերացումը՝ սպառնացած էր, որ ժողովուրդը «ուրիշ խորհրդարաններ եւս կրնայ կազմել»։

Նոյն կուսակցութենէն այլ երեսփոխանի մը կողմէ խորհրդարանէն «անջատուելու» մասին սպառնալիք մը եւս եկաւ Մայիս 9ին։ Արդարեւ, Ուրֆայի երեսփոխան Օսման Պայտեմիր ըսաւ. «Մենք կը փափաքէինք, որ Անգարայի խորհրդարանը քիւրտերուն, թուրքերուն, արաբներուն, պարսիկներուն եւ բոլորին խորհրդարանը ըլլար։ Բայց այդ դուռը քիւրտերուն դիմաց գոցուեցաւ», եւ աւելցուց, թէ այժմ քիւրտերը պիտի պարտադրուին այլ խորհրդարան մը կազմելու։

Պայտեմիր ապա քրտաբնակ շրջաններէ նկարներ ցոյց տալով՝ ըսաւ. «Այսօր, երբ մենք կ՛ողբանք այդ տարածքներուն վրայ պատահած բախումներուն, աւերներուն, մահերուն համար, Թուրքիոյ արեւմտեան կողմի բնակիչներուն 50-60 առ հարիւրը «արժանի՛ են» կ՛ըսէ»։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ