«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կից զարնելը ու բռունցքներով հարուածելը կը դառնան սովորական երեւոյթ: Ամէն անգամ, երբ հայ կամ քիւրտ պատգամաւորները կը քննադատեն կառավարութիւնը, անոնք դաժան յարձակման կ՛ենթարկուին Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութեան (ԱԶԿ) խուլիգան պատգամաւորներուն կողմէ:
Վերջին օրերուն ԱԶԿ-ի պատգամաւորները վիրաւորանքներ հասցուցած են եւ ֆիզիկական բռնութեան ենթարկած պոլսահայ Կարօ Փայլանը եւ քիւրտ Ֆերհաթ Էնչուն, որոնք խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնեն ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը (ԺԺԿ):
2016 թուականի Ապրիլ 21-ին Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ աննախադէպ ելոյթով: Պատգամաւորներուն հայերէն «Բարեւ ձեզ» ըսելով ողջունելէ ետք, ան համարձակօրէն շարունակեց. «Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսելէն ետք, 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին, ցաւօք, առաջինը ձերբակալուեցան հայ մտաւորականները, համայքի ղեկավարները եւ պատգամաւորները…. Հակառակ պատգամաւորական անձեռնմխելիութեան` անոնք ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան Անգարա, Այաշ, Ուրֆա եւ Տիարպեքիր, իսկ աքսորի ճանապարհին սպաննուեցան հրոսակախումբերու կողմէ: Ի հարկէ, համայնքի ղեկավարներն եւ պատգամաւորներն վերացնելէ ետք, ժողովրդավարական ճանապարհով հարցեր լուծելու անոնց պահանջը դարձաւ աւելորդ, իսկ հրամանով հայ եւ ասորի ժողովուրդները կոտորուեցան ու աքսորուեցան իրենց հնագոյն հողերէն, ուր ապրած էին հազարամեակներ»:
Փայլան համարձակեցաւ բարձրացնել Թուրքիոյ մէջ մինչ օրս շարունակուող Հայոց ցեղասպանութեան ամօթալի ժառանգութիւնը. «Տեսէ՛ք Թալէաթ փաշայի, Ճեմալ փաշայի եւ Էնվեր փաշայի անունները: Անոնց անուններով երկրի 2500 վայրերու մէջ փողոցներ կոչուած են: Ցաւօք, այսօր կը քալենք Թալէաթ փաշայի անունը կրող փողոցներով: Կրնա՞ք այսօր պատկերացնել, որ երթաք Գերմանիա եւ Պեռլինի մէջ քալէք Հիթլերի ու Կեպելսի անունը կրող փողոցներով: Ինչպէ՞ս կարելի է սա ընդունիլ: Սակայն այսօր մեր երկրի 2500 վայրերու մէջ կը քալենք Թալէաթ փաշայի անունը կրող փողոցներով եւ պողոտաներով»:
Փայլան իր ելոյթի ընթացքին թուարկեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նահատակուած հայ պատգամաւորներուն անունները եւ ցուցադրեց անոնց մեծադիր լուսանկարները, ներառեալ Գրիգոր Զոհրապի, որոնց ձերբակալած էին 1915-ի Ապրիլ 24-ին եւ դաժանաբար սպաննած: Հայ պատգամաւորը աներկիւղ առաջարկեց ձեւաւորել խորհրդարանական յանձնաժողով մը, որ հետաքննէ անոնց մահուան հանգամանքները, բացայայտէ անոնց մահուան մէջ պատասխանատու անձերը, որոնք պատուիրած եւ ի կատար ածած են հայ պատգամաւորներու սպանութիւնները, պարզել, թէ ուր թաղուած են անոնց աճիւնները, վերաթաղել ըստ պատշաճ ծիսակարգի, եւ վերականգնել անոնց արժանապատուութիւնը: Զարմանալի չէ, որ Փայլանի առաջարկը մերժուեցաւ խորհրդարանի մեծամասնութեան կողմէ:
Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի 1915 թուականին նահատակուած հայ պատգամաւորներուն յիշատակին իր յարգանքի տուրքը մատուցանելէ ետք, ելոյթը աւարտեց` հայերէնով աւանդական ցաւակցական խօսքեր ըսելով հանգուցեալներուն համար. «Աստուած իրենց հոգին լուսաւորէ»: ԱԶԿ-ի պատգամաւորները իրենց վիրաւորանքներով եւ սպառնալիքներով բազմիցս փորձեցին ընդհատել Փայլանի երկարաշունչ եւ խիզախ ելոյթը:
Մայիս 2-ին, երբ խորհրդարանական յանձնաժողովը հաւաքուած էր ընդդիմադիրները պատգամաւորական անձռնմխելիութենէ զրկելու համար, ԱԶԿ-ի պատգամաւորները 10-վայրկեանոց ծեծկռտուքի ընթացքին ոտքերով եւ բռունցքներով աւելի քան 100 հարուած հասցուցին Փայլանին: Փայլան տեղի ունեցած յարձակումը որակեց որպէս «նախապէս ծրագրուած Լինչի նախաձեռնութիւն` իր հայկական ինքնութեան պատճառով»:
Յարձակումէն ետք, երբ ԺԺԿ-ի պատգամաւորները լքեցին դահլիճը, յանձնաժողովը հաւանութիւն տուաւ քրտամէտ ԺԺԿ պատգամաւորները անձեռնմխելիութենէ զրկելու առաջարկին: Կ՛ակնկալուի, որ այս սադրիչ ձեռնարկը շուտով կը հաստատուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ… Շատ քիւրտ պատգամաւորներ, Փայլանի հետ միասին, կրնան ձերբակալուիլ շինծու մեղադրանքներով: Ամենայն հաւանականութեամբ, Էրտողան մտադիր է նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ յայտարարել, յուսալով, որ ԱԶԿ-ն լրացուցիչ աթոռներ պիտի գրաւէ ԺԺԿ-ի թափուր տեղերը փոխարինելով` իրեն բաւականաչափ ձայներ ապահովելով խորհրդարանին մէջ` Սահմանադրութիւնը փոփոխելու եւ հզօր ամբողջատիրական նախագահական վարչակարգ հաստատելու համար:
Իսկ մինչ այդ, Փայլանի ճակատագիրը կարծես թէ կանխորոշուած է… Կամ ան կը դատապարտուի երկարատեւ ազատազրկման կամ կ՛արժանանայ նոյն ողբերգական ճակատագրին, ինչ որ հայ լրագրող Հրանդ Տինքը, զոր թուրք ծայրայեղականները սառնասրտօրէն սպաննեցին Սթամպուլի մէջ 2007-ի Յունուար 19-ին…
Բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ պէտք է իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն` դատապարտելով Էրտողանի օրըստօրէ աւելի սաստկացող բռնապետական իշխանութիւնը: Դժբախտաբար` Փայլան, որ կը բողոքէ պատգամաւոր Գրիգոր Զոհրապի մէկ դար առաջ տեղի ունեցած սպանութեան դէմ, այսօր ինք կանգնած է մահուան վտանգին առջեւ, քանի դեռ միջազգային հանրութիւնը լուրջ նախազգուշացումներ չէ ըրած Թուրքիոյ կառավարութեան` ամենախիստ միջոցները ձեռնարկել ապահովելու հայ պատգամաւորին անվտանգութիւնը: Ցաւօք, կարծես ոչինչ փոխուած է Թուրքիոյ մէջ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին…
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Եռագոյն» կայքը
http://www.yerakouyn.com/?p=108437
Leave a Reply