Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը նոր յարկաբաժինի մը բացումով տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 184րդ տարեդարձը

Yedikule Surp Pırgiç Ermeni HastanesiՊոլսոյ «Մարմարա» թերթը կը գրէ. «Համբարձման տօնը, որ նոյնացած է մեր ազգային նուիրական հաստատութիւններէն մէկուն՝ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձին հետ, երէկ աւանդական փայլով, բայց այս անգամ աւելի խանդավառ շուքով նշուեցաւ մեր այս դարաւոր օճախի շրջափակէն ներս»։

Հիմնադրութեան տարեդարձը տօնախմբուեցաւ նոր իրագործումով մը։ Հիւանդանոցի եւ պոլսահայ համայնքի յայտնի բարերար, զուիցերահայ Վրթանէս Սաաթճը, որ մեծ նուիրատուութիւններ կատարելով, ապահոված է կարեւոր իրագործումներու կատարումը Ս. Փրկիչէն ներս, այս անգամ իշխանական նոր նուիրատուութեամբ իր անվերապահ զօրակցութիւնը ցոյց տուաւ հիւանդանոցին ու իր տրամադրած նիւթական միջոցներով բացուեցաւ նոր յարկաբաժին մը եւս՝ «Վրթանէս Սաաթճը» ծերանոցը։

«Երէկ առաւօտ, Համբարձման տօնին առիթով, Ս. Փրկիչ մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, հանդիսապետութեամբ Սահակ եպս. Մաշալեանի։ Ս. պատարագը մատոյց Մաղաքիա աբղ. Պէսքիսիզեան, ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հովիւ Պետրոս քհնյ. Պուլտուքեան ու հրաւիրեալ քահանաներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Վարդանանց դպրաց դաս» երգչախումբի երկսեռ անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ վարիչ Ատրուշան Հալաճեանի ու երգեհոնի ընկերակցութեամբ Լիւսի Գահվիճիօղլուի», կը գրէ «Մարմարա»։

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, նաեւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօնով ոգեկոչուեցան հաստատութեան հիմնադիր Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան եւ բարերար Կիւլպէնկեան գերդաստանը։ Ապա խաչահանգստեան կարգ կատարուեցաւ զանազան բաժիններու մէջ։

Իսկ երեկոյեան նախ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, ապա՝ բացում եւ Սիրոյ Սեղան։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2016
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ