ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, մայիս 11ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի նոր հատորին՝ «The Armenian Genocide in Literature: The Second Generation Responds» (Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ. Երկրորդ սերունդը կը հակադարձէ») ներկայացումը։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Սոյն հատորը հեղինակին չորրորդն է, որ կ՛ուսումնասիրէ Սփիւռքի գրականութիւնը, այս անգամ՝ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդի հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն վրայ։
Asbarez.com
Leave a Reply