Սպանիոյ երեք քաղաքներ եւս կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Երեք ՔաղաքներԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ապրիլ 27-28ին, Սպանիոյ Քարքայխենթ, Ալաքուաս եւ Էլտա քաղաքները պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Վալենսիա նահանգին մէջ գտնուող Քարքախենթ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդէն ներս ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած են համապատասխան յայտարարութեան վաւերացման:

Նմանապէս, Վալենսիա նահանգի Ալաքուաս քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ յայտարարութեան քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացած են միայն Ժողովրդային կուսակցութեան (PP) եւ Քաղաքացիներու կուսակցութեան պատգամաւորները, մինչ Ալիքանթէ նահանգի Էլտա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ միա՛կ դէմ քուէարկած կուսակցութիւնը Քաղաքացիներու կուսակցութիւնը եղած է:

Նիստերուն ներկայ եղած են վերոնշեալ եւ սպանական այլ քաղաքներէ ժամանած հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են այս յայտարարութիւնները վաւերացուցած քաղաքապետական խորհուրդներուն:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ