Հայ համայնքին ուղղուած Էրտողանի սպառնալիքը կրնայ զսպուիլ միջազգային հանրութեան կողմէ, որ կը լռէ. Բագրատ Էստուկեան

Բագրատ Էստուկեան«Առայժմ Թուրքիոյ հայ համայնքը իր դէմ շօշափելի գործողութիւններ չի տեսներ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ»,- 168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Սթամպուլի մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» պարբերականի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էստուկեան` անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիբ Էրտողանի` Հայաստանի-ին ու Թուրքիոյ հայ համայնքին ուղղուած սպառնալիքներուն:

Յիշեցնենք, որ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողաը Խորուաթիա այցի ժամանակ ըսած էր. «Հայաստանը կը խաղայ կրակի հետ: Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին մօտ 100 հազար հայեր, որոնք մեր երկրի քաղաքացիները չեն հանդիսանար: Մենք հանդուրժող վերաբերմունք կը ցուցաբերենք անոնց հանդէպ, որոնք չունին մշտական բնակութեան թոյլտուութիւն: Ծագումով հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մենք վերադարձրած ենք անոնց ֆոնտային գոյքը, ինչի մասին ես յայտնած եմ Ապրիլ 24-ին: Մենք կը ցուցաբերենք մեր բարի կամքը»:

Բագրատ Էստուկեան ըսած է, որ հակառակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն` Հայաստանին ու Ղարաբաղին ուղղուած թշնամական յայտարարութիւններուն, Թուրքիոյ հայ համայնքը ինքզինք առայժմ վտանգուած չի զգար, քանի որ երբեք վերջին տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ուղիղ սպառնալիք չէ եղած: Անոր խօսքով, միջադէպեր, անախորժ իրադարձութիւններ եղած են, բայց ատոնք լայնածաւալ բնոյթ չեն կրած:

Բայց, ըստ անոր, հայ համայնքին նկատմամբ լարուածութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը սրուի Ղարաբաղի մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու հետեւանքով, հետեւաբար` հայ համայնքին համար այս հարցը կը սկսի մտահոգիչ դառնալու, ու երբ հրապարակային նման յիշատակումներ կը կատարուին, ատիկա ահազանգ պէտք է ըլլայ: «Այս պահուն որեւէ շօշափելի զարգացում հայ համայնքին դէմ չկայ, բայց պէտք է զգուշանալ` հաշուի առնելով իշխանութիւններուն քաղաքական արատաւոր աւանդոյթները»,- ըսած է Էստուկեան:

Վերջինիս համոզումով` այս յայտարարութիւնները պէտք չէ շրջանցուին միջազգային հանրութեան կողմէ, քանի որ ատոնք հրապարակային սպառնալիքներ են: «Միակ լծակը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ միջազգային ճնշումները կրնան ըլլալ, բայց, ինչպէս կը տեսնենք, նման արձագանգներ չկան, ինչ որ մտահոգիչ է, քանի որ Արեւմուտքը որոշ հարցերով կը համագործակցի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ եւ կախուած է նոյնիսկ անոնցմէ: Ուստի հայ համայնքը պէտք է յոյսը իր վրայ դնէ եւ զգուշանայ»,- նման տեսակէտ յայտնած է Բագրատ Էստուկեան:

http://www.yerakouyn.com/?p=107605

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ