Վերագտնելով հայոց Զմիւռնիան

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Վիպա­գիր Սուփհի Վա­րըմ, թեւս բռնած, զիս դուրս կը քա­­շէ։

-Կը տես­­նե՞ս այս հսկայ տա­­րածու­­թիւնը։

Այո՛, կը տես­­նեմ։ Ըն­­դարձակ պար­­տէզ մըն է, ջրա­­ւազան­­նե­­­րով, ծառ-ծա­­ռաս­­տան, կան բա­­ցօ­­թեայ սրճա­­­րան­­­ներ, աւե­­­լին՝ հոն կա­­­ռու­­­ցո­ւած են էքսփո­­­յի հսկայ շէն­­­քե­­­­­­­րը, ուր տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րէ ի վեր մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսներ տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան։

-Ահա՛ հայ­­­կա­­­­­­­կան թա­­­ղամա­­­սը, Հայ­­­նո՛ցը։

Կը ցնցո­ւիմ։

-Սա հսկայ դու­­­ռը, օրի­­­նակ, ուրկէ մար­­­դիկ ելու­­­մուտ կ՚ընեն, կը տես­­­նե՞ս։ Ս. Ստե­­­փան­­­նոս մայր եկե­­­ղեցին այդտեղ էր։ Կից՝ առաջ­­­նորդա­­­րանը եղած է։

Զար­­­մանքս փա­­­րատել կը ջա­­­նամ, երբ ան ծխիկ մը վա­­­ռած, յու­­­զումով կը պատ­­­մէ Զմիւռնիոյ հրդե­­­հին մա­­­սին, Սեպ­­­տեմբեր 1922-ին, որ մո­­­խիրի վե­­­րածած է Հայ­­­նո­­­­­­­ցը։

Բա­­­րի՛ եկար Իզ­­­միր…, որ զերծ մնա­­­ցած էր 1915-ին եր­­­կի­­­­­­­րը լափ­­­լի­­­­­­­զած խոր­­­շա­­­­­­­կէն՝ քա­­­նի մը տա­­­րի ետք յանձնո­ւելու հա­­­մար կրա­­­կի հսկայ բո­­­ցերուն ու ան­­­վե­­­­­­­րադարձ ջնջո­ւելու հա­­­մար ո՛չ միայն հա­­­յոց պատ­­­մութեան մա­­­տեան­­­նե­­­­­­­րէն, այ­­­լեւ հայ մար­­­դու յի­­­շողու­­­թե­­­­­­­նէն ալ։

Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան «գաղտնի­­­քը» տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­ներ շա­­­րու­­­նակ պա­­­հած՝ հա­­­զար փա­­­կան­­­քով կղպո­ւած սնտու­­­կը բա­­­ցուած է ար­­­դէն հա­­­սարա­­­կական ճնշու­­­մին դի­­­մաց, եւ մար­­­դիկ կը խօ­­­սին, կը քննար­­­կեն, կը վի­­­ճին։ Յի­­­շատակ­­­նե­­­­­­­րու, յի­­­շողու­­­թեան լեռ մը գո­­­յացած է, կա­­­տարո­ւած ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րուն, տպագ­­­րո­ւած գիր­­­քե­­­­­­­րուն համ­­­րանքն ալ ան­­­կա­­­­­­­րելի է գիտ­­­նալ։

Բայց Զմիւռնիոյ հրդե՞հը… Կար­­­ծէք դեռ երէկ պա­­­տահած ըլ­­­լայ, եւ մար­­­դիկ վախն ու եր­­­կիւղը տա­­­կաւին թօ­­­թափած չըլ­­­լան իրենց հո­­­գինե­­­րէն։ Շշուկնե­­­րով կը խօ­­­սին, պաշ­­­տօ­­­­­­­նակա­­­նէ դուրս նոր տե­­­սակէտ մը կար­­­դա­­­­­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­լու հրճո­ւան­­­քը կ՚ոգե­­­ւորէ զի­­­րենք, ար­­­գի­­­­­­­լեալ հա­­­ւատք մը ընդգրկե­­­լու գաղտնա­­­պահու­­­թեամբ՝ հա­­­մայնքներ կազ­­­մած, ճշմար­­­տութիւ­­­նը գտնե­­­լու գո­­­հու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը կ՚ապ­­­րին պզտիկ սե­­­նեակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ։

Զիս բա­­­նախօ­­­սելու հրա­­­ւիրած կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցի­­­­­­­չը շու­­­տով կը հաս­­­նի մեր ժա­­­մադ­­­րա­­­­­­­վայ­­­րը։ Սանկ պզտիկ շրջապ­­­տոյտ մը կ՚ընենք Իզ­­­մի­­­­­­­րի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րուն մէջ։ Կ՚ու­­­զեմ հայ­­­կա­­­­­­­կան որե­­­ւէ հետք մը տես­­­նել։ Ան­­­շուշտ, դեռ չէի գի­­­տեր, թէ պեր­­­ճանք մըն էր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տել նման փա­­­փաք մը, երբ ոչ իսկ յու­­­նա­­­­­­­կան յու­­­շարձան մը, հետք մը նշմա­­­րելի է։ Ազ­­­նիւ ու­­­ղե­­­­­­­ցոյցս կը խօ­­­սի յու­­­նա­­­­­­­կան եկե­­­ղեց­­­ւոյ մը շրջա­­­փակին հաս­­­տա­­­­­­­տուած մամ­­­լոյ թան­­­գա­­­­­­­րանին մա­­­սին։ Ան­­­մի­­­­­­­ջապէս կ՚ու­­­զեմ տես­­­նել։ Մեր քայ­­­լե­­­­­­­րը կ՚ուղղենք Պաս­­­մա­­­­­­­նէի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը։ Պատ­­­մա­­­­­­­կան քա­­­նի մը շէն­­­քեր՝ լքո­ւած, կքած, կը սպա­­­սեն իրենց վերջնա­­­կան փլու­­­զումին։ Գաղ­­­թա­­­­­­­կայա­­­նի մը վե­­­րածո­ւած թա­­­ղին նեղ փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը վեր­­­ջա­­­­­­­պէս մեզ կը հասցնեն այ­­­լեւս հան­­­դի­­­­­­­սաս­­­րահ դար­­­ձած Այ Վուքլա եկե­­­ղեցին, որու փա­­­կին տեղ­­­ւոյն լրագ­­­րողնե­­­րու ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը հիմ­­­նած է թան­­­գա­­­­­­­րանը։

Հայ մա­­­մու­­­լին գան­­­ձա­­­­­­­րանն էր այս քա­­­ղաքը, որու մամ­­­լոյ թան­­­գա­­­­­­­րանին մէջ «լիւթֆէն» յի­­­շուած կը գտնեմ «Ար­­­շա­­­­­­­լոյս Արա­­­րատեան»ին անու­­­նը միայն, ուղղագ­­­րա­­­­­­­կան սխալ­­­նե­­­­­­­րով ու հա­­­մառօ­­­տուած, որ սխալ­­­մամբ հոն յայտնո­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լու տպա­­­ւորու­­­թիւնը կու տայ ին­­­ծի։ Ոչ մէկ խօսք ան­­­շուշտ զմիւռնա­­­հայ մամ­­­լոյ երախ­­­տա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին… Չեմ գի­­­տեր, մխի­­­թարու­­­թի՞ւն պէտք է հա­­­մարել Հրանդ Տին­­­քին լու­­­սանկարն ու անու­­­նը՝ նա­­­հատակ լրագ­­­րողնե­­­րու շար­­­քին։ Այս պայ­­­մաննե­­­րու տակ՝ թե­­­րեւս…

«Գի­­­տե՞ս,- կը յա­­­րէ ազ­­­նիւ ու­­­ղե­­­­­­­կիցս,- էքսփո­­­յին տա­­­րած­­­քը երբ փո­­­րես՝ տա­­­կաւին սեւ մու­­­րը կը նշմա­­­րուի»։ Իր խօս­­­քե­­­­­­­րը, չեմ գի­­­տեր ին­­­չու, զար­­­մա­­­­­­­նալի չեն այ­­­լեւս ին­­­ծի հա­­­մար։ Առ­­­նո­ւած եմ զմիւռնա­­­կան մթնո­­­լոր­­­տի մէջ, ուր ամէն ինչ յստակ է, սա­­­կայն ծած­­­կո­ւած լռու­­­թեան թա­­­ղան­­­թով, որ աւե­­­լի թանձր է, քան շուրջ հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­մեայ մու­­­րի խա­­­ւը Հայ­­­նո­­­­­­­ցի յա­­­տակին։

1915-ին սկսած ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը եօթը տա­­­րի վերջ՝ 1922-ին պի­­­տի հաս­­­նէր Զմիւռնիա, ուր ար­­­դէն մար­­­դիկ անձկու­­­թեամբ կը սպա­­­սէին իրենց ճա­­­կատա­­­գիրի տնօ­­­րինու­­­մին։ Զմիւռնիան վեր­­­ջին հանգրո­ւան մըն էր, ուր ապաս­­­տա­­­­­­­նիլ կը փու­­­թա­­­­­­­յին նաեւ շրջա­­­կայ ու մեր­­­ձա­­­­­­­ւոր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­յերը։ Բախ­­­տա­­­­­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը ծովն ան­­­ցած, հա­­­սած էին Էգէակա­­­նի հան­­­դի­­­­­­­պակած ափե­­­րը, նոյ­­­նիսկ աւե­­­լի հե­­­ռու­­­նե­­­­­­­րը՝ դառ­­­նա­­­­­­­լու հա­­­մար Ալեք-Մա­­­նու­­­կեան­­­ներ։ Սա­­­կայն ծո­­­վը պի­­­տի չօգ­­­նէր մա­­­րելու հրդե­­­հը, բա­­­լասան պի­­­տի չդառ­­­նար զմիւռնա­­­հայ հի­­­նաւուրց գա­­­ղու­­­թին հա­­­մար։ Ս. Ստե­­­փան­­­նոս մայր եկե­­­ղեցին, ուր Դու­­­րեան առաջ­­­նորդ եղած էր ժա­­­մանա­­­կին, Մես­­­րո­­­­­­­պեան, Հռիփ­­­սի­­­­­­­մեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, ուրկէ Ոս­­­կա­­­­­­­նեան­­­ներ, Կոս­­­տանդեան­­­ներ, Մա­­­մու­­­րեան­­­ներ հա­­­սած էին, Սպար­­­թա­­­­­­­լեան­­­նե­­­­­­­րու ձե­­­ռագոր­­­ծը՝ Ս. Լու­­­սա­­­­­­­ւոր­­­չեան ազ­­­գա­­­­­­­յին հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը, Մխի­­­թարեան վար­­­ժա­­­­­­­րանը, ուր Հա­­­լիթ Զի­­­յա կրթու­­­թիւն ստա­­­ցած էր, գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատու­­­նը, ուր Չու­­­խա­­­­­­­ճեան կը ննջէր, տպա­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, ուրկէ Հիւ­­­կո­­­­­­­յին «Թշո­ւառ­­­ներ»ը լոյս տե­­­սած էր, տա­­­քուկ տու­­­նե­­­­­­­րը, որոնց պա­­­տու­­­հաննե­­­րէն դուրս կը հո­­­սէին Ստե­­­փան Էլ­­­մա­­­­­­­սի դաշ­­­նա­­­­­­­մու­­­րի առա­­­ջին ձայ­­­նա­­­­­­­նիշե­­­րը, յի­­­շատակ իսկ չեն այ­­­լեւս ու լե­­­զուիս վրայ բառ մը չու­­­նիմ բնո­­­րոշե­­­լու հա­­­մար իրենց տե­­­ղը հո­­­գիիս աշ­­­խարհագը­­­րութեան վրայ։

«Սի­­­րելի­­­նե՛ր,- յու­­­զումս զսպել ջա­­­նալով, կը դի­­­մեմ փոք­­­րիկ սրա­­­հը հա­­­ւաքո­ւած ներ­­­կա­­­­­­­ներուն,- շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն, որ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ոգե­­­կոչու­­­մի այս օրե­­­րուն կ՚առե­­­րեսիք ան­­­ցեալին հետ, կը բարձրաց­­­նէք այդ սեւ ու ծանր քօ­­­ղը, որ­­­մով ծած­­­կո­ւած է այս քա­­­ղաքին ան­­­ցեալը»։ Ու կը սկսիմ լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րով պատ­­­մել Զմիւռնիոյ հայ գա­­­ղու­­­թին մա­­­սին՝ եկե­­­ղեցի­­­ները, վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցը, գե­­­րեզ­­­մաննո­­­ցը, մար­­­զա­­­­­­­կումբնե­­­րը, մա­­­մուլն ու տպա­­­րան­­­նե­­­­­­­րը, յայտնի դէմ­­­քե­­­­­­­րը, ան­­­փո­­­­­­­խարի­­­նելի տեղն ու մե­­­ծագոյն դե­­­րը հայ­­­կա­­­­­­­կան լու­­­սա­­­­­­­ւորու­­­թեան մէջ։ Ունկնդիր­­­ներս, որոնք յե­­­ղափո­­­խական-ձա­­­խակող­­­մեան գա­­­ղափար­­­նե­­­­­­­րով տո­­­գորո­ւած ան­­­ձեր են, զար­­­մանքով կը լսեն 1848-ին Փա­­­րիզի պատ­­­նէշնե­­­րուն վրայ պայ­­­քա­­­­­­­րած ու թա­­­գաւո­­­րական պա­­­լատը գրա­­­ւող­­­նե­­­­­­­րու շար­­­քին գտնո­ւող Ստե­­­փան Ոս­­­կա­­­­­­­նեանի մա­­­սին, մա­­­թերիալիզ­­­մի ու աթէիզ­­­մի ռահ­­­վի­­­­­­­րայ Գա­­­լուստ Կոս­­­տանդեանի մա­­­սին, որու գիր­­­քե­­­­­­­րը բա­­­նադ­­­րո­ւած ու վա­­­ռուած էին եկե­­­ղեց­­­ւոյ կող­­­մէ, Մատ­­­թէոս Մա­­­մուրեանի մա­­­սին, որ Մարքսի գա­­­ղափար­­­նե­­­­­­­րը կը տա­­­րածէր՝ դրո­ւատե­­­լով Բ. ու Գ. Մի­­­ջազ­­­գայնա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը։ Բա­­­նախօ­­­սու­­­թեանս աւար­­­տին, ա՛լ իրենցն է խօս­­­քը։ Աշ­­­խոյժ քննար­­­կում մը կը սկսի սրա­­­հին մէջ, որ գի­­­շերո­ւան մին­­­չեւ ուշ ժա­­­մերը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուէր գու­­­ցէ՝ եթէ չըլ­­­լար օդա­­­կայան փու­­­թա­­­­­­­լու անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը։

Բժիշկ մը, յի­­­սու­­­նը թե­­­ւակո­­­խած, սի­­­րայօ­­­ժար զիս պի­­­տի հասցնէ օդա­­­կայան։ Կը խոս­­­տո­­­­­­­վանի, որ իր ճամ­­­բուն վրայ չէ օդա­­­կայա­­­նը, սա­­­կայն կ՚ու­­­զէ խօ­­­սիլ հետս։ Սղեր­­­դէն են ար­­­մատնե­­­րը։ Վա­­­ղամե­­­ռիկ հօ­­­րը հետ զրու­­­ցե­­­­­­­լու առիթ չէ ու­­­նե­­­­­­­ցած, սա­­­կայն լուրջ կաս­­­կածներ ու­­­նի իր ազ­­­գա­­­­­­­յին պատ­­­կա­­­­­­­նելիու­­­թեան մա­­­սին։ Կը պրպտէ, կը հե­­­տաքրքրո­ւի, կը կար­­­դայ, կը խօ­­­սի։ Գլխի­­­վայր շրջած է այն պատ­­­մութիւ­­­նը, զոր աւան­­­դած են իրեն։ Նոր մէկն է այ­­­լեւս։ «Հա­­­ւատա­­­ցեալ մը՝ գնեալ արեամբն… նա­­­հատա­­­կաց»։

Վե­­­րադար­­­ձիս, եր­­­կու օր ետք, Թիւ­­­նե­­­­­­­լի հրա­­­պարա­­­կին վրայ կանգնած, կը մտա­­­բերէի Զմիւռնիան, ուր նոյն ժա­­մերուն, Թա­­լէաթ փա­­շայի ծա­­ռու­­ղիին վրայ ար­­դա­­­րու­­թիւն ու հա­­տու­­ցում կը պա­­հան­­ջէին իմ ազ­­նիւ բա­­րեկամ­­ներս, որոնք իրենց հու­­նը գտած ջու­­րի կա­­թիլ­­ներ են՝ ատակ լռու­թեան ու մո­ռացու­մի պա­տերը ճա­թեց­նե­լու ու նոյ­նիսկ կոր­ծա­նելու։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/15158/vyerakdnyelvov-hahvots-zmiwrnian

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ