Սուրբ Ղազարի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակը

Ապրիլ 24-ին, Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի յիշատակում:

Հայ եւ օտար հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ՝ հանդիսաւոր Պատարագ մատուցուեցաւ Մխիթ. Միաբանութեան Ընդհ. Աբբահայր Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը։

Աբբահայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը այս նուիրական թուականին, մանաւանդ յիշատակումը մեր բիւրաւոր մարտիրոսներուն, որոնք իրենց արիւնով մեզի կտակեցին քրիստոնէական հաւատքն ու մեր ազգային արժէքները, ինչպէս նաեւ հայրենի հողերուն կառչած մնալու սրբազան աւանդը:

Այս առիթով պատարագի աւարտին, գորգագործ Մեգերեան ընտանիքի կողմէ Մխիթարեան Միաբանութեան նուէր յանձնուեցաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած հայկական ձեռագործ նրբահիւս գորգ մը ի յիշատակ իրենց ծնողներուն:

Արարողութեան ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան Հռոմի Ս. Աթոռի մօտ դեսպան Պրն. Միքայէլ Մինասեանը, որ իտալերէնով խօսք առնելով յիշեցուց կարեւորութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին՝ Հռոմի Քահանայապետ, Փրանկիսկոս պապին կողմէ, որուն ընթացքին Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Դեսպանը նշեց թէ Ապրիլ 24-ը, կամ ընդհանրապէս 1915-ը մեզի համար լոկ թուական մը չէ, այլ մեր կեանքին, մեր մշակոյթին ու մեր գոյապայքարին հետ սերտ առընչութիւն ունեցող իրականութիւն մը, քանի մենք ցեղասպանուած ամբողջ ժողովուրդի մը ժառանգորդներն ենք: Ան շեշտեց նաեւ թէ ինչպէս Հայոց Մեծ եղեռնը առընչուած է այսօրուան աղէտալի դէպքերուն, որոնց ականատեսն ենք Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս քրիստոնեաներու կրած հալածանքներն ու բազմաչարչար տառապանքները. այսօր քրիստոնեաներու ներկայութիւնը վտանգուած է այնտեղ եւ Հայաստանը գրեթէ միակ քրիստոնեայ երկիրը կը մնայ այդ տարածաշրջանին մէջ:

Այս նուիրական առիթով, Մայրավանքի քարայատակին մէջ բացումը տեղի ունեցաւ «Ժողովուրդի մը տառապանքէն անդին – Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան ուղիներով» լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան՝ գլխաւոր հեղինակն ու կազմակերպողը, համառօտ ներկայացուց երկար ամիսներու աշխատանքին արդիւնքը, ցուցահանդէսին իմաստը եւ փոխանցուող պատգամը:

Ցուցահանդէսի գլխաւոր նպատակն է մօտէն ծանօթացնել իտալացի հասարակութեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ պատմական, մշակութային տարբեր երանգներով: Մօտաւորապէս հարիւրի չափ պաստառներ ժամանակագրական հերթականութեամբ՝ կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի առօրեան՝ օսմանեան կայսրութեան մէջ, համիտեան ջարդերը, սահմանադրութեան հռչակումը, Ատանայի կոտորածը, ջարդի հեղինակները, գլխաւոր հայ մտաւորականներու եւ իրենց ընտանիքներու լուսանկարներ, Մխիթարեան նահատակ Հայրեր, զանգուածային տեղահանութեան տպաւորիչ տեսարաններ, սպանդի ահարկու պատկերներ, օտար հեղինակաւոր դեսպաններու, մտաւորականներու եւ ականատեսներու վկայութիւններ, տարբեր որբանոցներու եւ որբերու խմբանկարներ, որբահաւաքի դերակատարներ, հարեմի զոհ կիներ, կործանած եկեղեցիներ, վանական համալիրներ ու առյաւէտ կորած պատմամշակութային գանձեր, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշարձաններ, հայ որբերու ի նպաստ դրամահաւաքի անգլիատառ կոչեր, Ցեղասպանութիւնը Հայ արուեստագէտներու աչքերով եւ իւղանկարներ ու քանդակներ:

http://www.yerakouyn.com/?p=107562

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ