Միացեալ Նահանգներ «Շտապ» ծածկագիրով զգուշացում ուղղած են Թուրքիա գտնուող իրենց քաղաքացիներուն

Թուրքիա«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թուրքիա գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն ելեկտրոնային «շտապ ուղերձ» նամակով զգուշացուցած է հնարաւոր ահաբեկչական գործողութիւններէ:

Ուղերձին մէջ կ՛ըսուի. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն լուրջ տեղեկութիւններ ստանալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ Թուրքիոյ հանրածանօթ զբօսաշրջական կեդրոններու դէմ յարձակումներու նախապատրաստման մասին»:

Նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Ահաբեկիչներու բացայայտ թիրախները կը հանդիսանան Թուրքիոյ մէջ գտնուող արտասահմանցի զբօսաշրջիկները»:
Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը 9 ապրիլին իր համացանցային կայքին միջոցով յայտարարութիւն հրապարակած էր Պոլսոյ եւ Անգարայի հրապարակներուն վրայ եւ երկրի զբօսաշրջական այլ քաղաքներուն մէջ ահաբեկչական «լուրջ սպառնալիքներ» ըլլալու մասին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին «առողջութեան եւ կեանքի սպառնալիքի» պատճառով Ռուսիոյ քաղաքացիները զգուշացուց Թուրքիա այցելելէ:

Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քոնիայի մէջ ձերբակալուած են ՏԱՀԵՇ-ի 9 անդամներ, ներառեալ կին մը, որոնք Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի դէմ մահափորձ մը կը ծրագրէին: Հետաքննութեան ընթացքին ի յայտ եկած է, որ մահափորձը պիտի կատարուէր անցեալ շաբաթ` Տաւութօղլուի Քոնիա այցելութեան ընթացքին, սակայն ապահովական միջոցառումներու պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի անդամները չեն կրցած մուտք գործել այն հրապարակը, ուր Տաւութօղլու պիտի արտասանէր խօսք մը:

http://www.aztagdaily.com/archives/292450

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ