Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ին առիթով լիբանանեան գրաւոր թէ բանաւոր մամուլը, ինչպէս նաեւ լրատուական ցանցերը կը շարունակեն անդրադառնալ ցեղասպանութեան իրողութեան տեղեկատւութեամբ, հարցազրոյցներով, յօդուածագրութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով. այդ լրատուամիջոցներուն շարքին են ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան լը ժուր», «Ժումհուրիա», «Ախպար», «Շարք» եւ այլ թերթեր, որոնց կ՛անդրադառնանք յաջորդաբար: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
«Լ՛Օրիան լը ժուր» 23-24 Ապրիլ 2016-ի իր թիւով յատուկ թղթածրար մը յատկացուցած է Ցեղասպանութեան նիւթին, այդ թղթածրարին մէջ տպուած են հարցազրոյցներ, յօդուածներ ստորագրած են հայ ականաւոր անձնաւորութիւններ, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ այլն:
Ստորեւ հատուածներ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ստորագրած յօդուածէն.
Միջկառուցային Իրագործումներ
«Կը գտնուինք այնպիսի ժամանակի մէջ, ուր մարդկութիւնը այլեւս անկարող է ապրիլ նկուղի մը մէջ, ուր ջարդուած ժողովուրդի զաւակներու դիակներ կան», Ժան Ժորեսի այս նախադասութիւնը կը ցոլացնէ Հայկական հարցի ամբողջ ողբերգութիւնը:
Այս նախադասութեամբ սկսած է Բագրատունի իր յօդուածը, ուր ան պատմական յետադարձ հակիրճ ակնարկով կը նշէ, թէ իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24-ի օրը աշխարհասփիւռ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կոտորուած մէկուկէս միլիոն հայերու նահատակութիւնը: Բագրատունի կը նշէ, թէ ինչպէ՛ս հայ գաղթականներու սկզբնական կանգառները կ՛ըլլան Սուրիան եւ Լիբանանը, ուր նախապէս ալ կ՛ապրէին հայեր, յատկապէս` հիւսիսային Լիբանանի եւ Քեսրուանի մէջ եւ թէ ինչպէ՛ս հայեր` կորսնցուցած ամէն ինչ, բացի իրենց արժանապատուութենէն, ոչինչէն կը լծուին վերականգնումի ու գոյատեւման երթին` առանց երբեք ձեռնածալ մնալու դժուարութիւններուն դէմ:
1943-ի անկախութեան առաջին իսկ օրերէն հայեր կը դառնան լիիրաւ քաղաքացիներ, աստիճանաբար կը կազմակերպուին, կը մասնակցին Լիբանանի կերտումի ճիգերուն, խորհրդարանին մէջ կ՛ունենան իրենց ներկայացուցիչները, կ՛ունենան նախարարներ, զինուորականներ ու վարչամեքենայի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` միշտ կառչած մնալով իրենց ազգային պատկանելիութեան ու պահելով իրենց ազգային դիմագիծը: Լիբանանի պատերազմի դառն օրերուն հայեր կ՛որդեգրեն դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը` միշտ հաւատալով, որ երկխօսութեան ճամբով միայն կարելի է յանգիլ բարեյաջող լուծման: Հայեր կը գիտակցին շրջանին մէջ պատահած ու պատահող իրադարձութեանց վտանգաւոր էութեան` հաւատալով, որ միայն խաղաղ, միասնական, արդար ու ժողովրդավար Լիբանանն է, որ կրնայ յառաջդիմել:
Ապրիլ 24-ը յիշելու եւ ոգեկոչման օր է ու յատկապէս` ուխտի վերանորոգման օր: Հայկական հարցը պիտի շարունակէ մնալ բաց վէրք մը, այնքան ատեն որ յանցագործները արդարութեան առջեւ չեն ներկայացուած, հաշուետուութեան չեն կանչուած իրենց գործած ոճիրներուն համար եւ չեն հատուցած իրենց բռնի ուժով խլածն ու կողոպտածը:
http://www.lorientlejour.com/dossier/2016-04-23/596-les-101-ans-du-genocide-armenien
http://www.yerakouyn.com/?p=107275
Leave a Reply