Թուրքիոյ մօտ ամերիկեան դեսպանատունը սխալմամբ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ABD Büyükelçisi BassՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ապրիլ 25ին հրատարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին վերաբերեալ նախագահ Պարաք Օպամայի յայտարարութիւնը եւ անոր թրքերէն թարգմանութիւնը:

Ինչպէս յայտնի է, Օպամա իր այս տարուան յայտարարութեան մէջ եւս չէր օգտագործած «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ նախընտրելով հայերէն «Մեծ Եղեռն» բնորոշումը: Սակայն, Թուրքիոյ մօտ ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան թրքերէն թարգմանութեան մէջ օգտագործուած է «ցեղասպանութիւն» եզրը:

Այդ յայտարարութիւնը տարածուած է նաեւ դեսպանատան պատկանող համացանցային ընկերային ցանցերուն միջոցաւ՝ բողոքի ալիք յառաջացրելով, որմէ ետք դեսպանատունը նախ վերցուցած է գրառումը, ապա պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութենէն հեռացուցած է «ցեղասպանութիւն» բառը:

Դեսպանատունը յայտարարած է, թէ վրիպումը թարգմանական սխալի պատճառով եղած էր։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ