ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին առթիւ, Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող քրտական «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթը, իր կողքին վրայ հայերէն վերնագիր եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատկերող լուսանկարներ հրապարակած է Ապրիլ 24ին:
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքը գրած է, թէ թերթը անցեալի եւ մերօրեայ ողբերգութիւններուն անդրադարձած է՝ «Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» խորագիրին ներքեւ, զուգահեռներ գծելով օսմանեան եւ այսօրուան Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւններուն միջեւ։
Asbarez.com
Leave a Reply