Տէմիրթաշ. «Մենք կը յիշենք 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ գացած բոլոր հայերը»

Սէլահատտին ՏէմիրթաշՀէ-Տէ-Փէ կուսակցութեան համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ, կուսակցութեան Իզմիրի մէջ կազմակերպուած երէկուան հանրահաւաքի ընթացքին յիշատակեց նաեւ 24 Ապրիլը եւ 1915-ի դէպքերը անուանեց ցեղասպանութիւն։

«Այսօր մենք կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը։ Հայերը կը փորձեն ապացուցանել որ սպաննուած են այս հողերու վրայ ապրած հայերը։ 1915-ի թէման այս երկրի մէջ իրական դիմակայութիւն կ՛ապրի, եւ մենք բոլորս տէր պէտք է կանգնինք այս հողի վրայ ապրող հայերու կողքին։ Այստեղ պէտք է հաստատուի հաւասարութիւն։ Մենք կը յիշենք 1915-ի ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերը», յայտարարեց Տէմիրթաշ։

Յիշեցնենք որ 2014 թուականին Սէլահատտին Տէմիրթաշ յայտարարած էր որ եթէ ինք Թուրքիոյ Նախագահ ընտրուի, պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ամէն տարի 24 Ապրիլին պիտի յիշեցնէ հայերու դէմ իրականացած ցեղասպանութիւնը։

http://horizonweekly.ca/news/details/85150

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ