Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան տարելիցի ձեռնարկերը պիտի կայանան Սթամպուլի, Անգարայի եւ Իզﬕրի մէջ

TurkeyՀայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը ոգեկոչող ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան ոչ ﬕայն Թուրքիոյ Սթամպուլ քաղաքին, այլ նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի եւ Իզﬕրի մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արﬔնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս» պարբերականը:

Ապրիլ 24-ին Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ Թուրքիոյ ժամանակով 15:30-ին պիտի ոգեկոչուի թրքական բանակին մէջ էթնիկ խտրականութեան եւ ատելութեան հողի վրայ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի յիշատակը: Աւելի ուշ` 19:15-ին Սթամպուլի կեդրոնական` Իսթիքլալ պողոտայի վրայ պիտի կայանայ ոգեկոչման գլխաւոր արարողութիւնը:
Նախորդ տարուայ նման այս տարի եւս Սթամպուլի Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի, սակայն դեռեւս յայտնի չէ, թէ արդեօք պատարագին պետական մակարդակով մասնակցութիւն պիտի ըլլայ , թէ ոչ (Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած պատարագին ներկայ էր Եւրոﬕութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարարը):

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ Ապրիլ 23-ին «Հայոց ցեղասպանութիւնը երկրորդ հարիւրամեակի շեﬕն» խորագիրով քննարկում մը պիտի կազմակերպուի, իսկ Ապրիլ 24-ին տեղի ժամանակով 15:00ին տեղի պիտի ունենայ յիշատակի երթ, որուն ընթացքին պիտի կարդացուին ձերբակալուած եւ սպաննուած հայ մտաւորականներուն անունները:

Իզﬕրի մէջ Թալէաթ փաշայի անուան զբօսայգիին մէջ Ապրիլ 24-ին տեղի ժամանակով 19:00-ին հաւաքուած իզﬕրցիները պիտի պահանջեն Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարին ճանչնալ կատարուածը ու ներողութիւն խնդրել:

http://www.yerakouyn.com/?p=106746

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ