«Գտէ՛ք Կորսուած Թռչունները»

Lost Birds«Հիւրրիյէթ» թերթի մէկ յաւելուածին մէջ, Ճենկիզ Սեմերճիօղլու վերնագիրին ներքեւ կը դրուատէ Արէն Փերտեճիի ու Էլա Ալեամաչի կողմէ պատրաստուած «Կորսուած Թռչունները» ժապաւէնը՝ ըսելով, որ այս ժապաւէնը 1915-ի մասին կը խօսի՝ առանց կողմ մը դառնալու, այլ՝ պարզապէս երկու մանուկներու տեսանկիւնէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։

«Շատ տպաւորիչ ժապաւէն մըն է այս», կը գրէ յօրուածագիրը ու կ՛աւետէ, թէ ժապաւէնը երեք շաբաթներէ ի վեր կը ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ։ «Մինչեւ այսօր 7500 հոգի դիտած է ժապաւէնը, եւ ասիկա մեծ յաջողութիւն մըն է, որովհետեւ ժապաւէնը կը ցուցադրուի միայն 7 սրահի մէջ», կը նշէ ան։

«Ձեզ կը յանձնարարեմ՝ գտէ՛ք կորսուած թռչունները եւ ուս տուէք անոնց. թէ՛ զօրակցած կ՛ըլլաք երկու երիտասարդ բեմադրիչներուն, թէ՛ դիտած կ՛ըլլաք շատ յուզիչ ժապաւէն մը», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիրը։

http://www.yerakouyn.com/?p=106504

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ